Նիւթական Օժանդակութիւն` Լիբանանի Ողիմպիական Պատուիրակութեան
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան կարգ մը ընկերութիւններ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրած են Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական ամառնային խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ողիմպիական պատուիրակութեան:
«Փլաս Հոլտինկ»-ի սեփականատէր Ժորժ Շեհուան, «Պեսթ Սելըրզ», «Մաքտոնալտծ», ինչպէս նաեւ Ծանուցումի ընկերութիւններու միութիւնը պատուիրակութեան նուիրած են տասը հազար ամերիկեան տոլար:
Իսկ «Լամա» միութիւնը նուիրած է երեք հազար ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւ մը:
Կը կարծուի, որ մինչեւ ողիմպիականի ազդանշանը տրուիլը, այլ ընկերութիւններ ալ պիտի ձեռնարկեն այսպիսի քայլերու:
CATEGORIES Մարզական

