Հեծելարշաւ. Նեպիլ Թապպալ Առաջին, Զահեր Հաժ` Երկրորդ
Լոնտոն 2012-ի ողիմպիական ամառնային խաղերուն ազդանշանը տրուելէն քանի մը օր առաջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը Տըպպայէի շրջանին մէջ կազմակերպեց 80 քմ երկարութիւն ունեցող մրցում մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի:
Մրցումի սկիզբի ազդանշանը տուաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Առաջին հանդիսացաւ Նեպիլ Թապպալ, որ արձանագրեց 2 ժամ 02′ 38″ արդիւնք մը: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Զահեր Հաժ եւ Սալահ Ռապպահ:
Աւարտին իր արտասանած խօսքին մէջ դեսպան Ֆլեչըր ըսաւ, որ ինք շատ ուրախ է, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսին տիրացաւ անգլիացի հեծելանւորդ Պրետլի Ուիկինզ, որ հանդիսացաւ առաջին անգլիացին, որ կը տիրանայ այս շրջավազքի տիտղոսին:
Ապա, ան յաջողութիւն մաղթելէ բացի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան, ըսաւ, որ անոր յատուկ այցելութիւն մը պիտի տայ, երբ մեկնի Անգլիա:
Աւարտին Ֆլեչըր եւ Ծատուրեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժեր եւ Լիբանանեան կարմիր խաչը ընկերակցեցան հեծելանւորդներուն կիրակի, 22 յուլիսին տեղի ունեցած այս մրցումին:

