Ճատրակ. Հայ Խաղացողներ Արձանագրեցին Սքանչելի Եւ Բացառիկ Արդիւնքներ` Տարբեր Տեսակի Մրցաշարքերու Ընթացքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) երէկ բաւական հարուստ էր ճատրակի վերաբերող նիւթերով` նկատի ունենալով, որ հայ խաղացողներ արձանագրած էին սքանչելի եւ բացառիկ արդիւնքներ` տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին:
Նախ եւ առաջ մեծ գնահատանքի կ՛արժանանայ 11 տարեկան Սամուէլ Սեւեան, որ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած Մեթրոփոլիթընի 20-րդ միջազգային մրցաշարքին առանց պարտութեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ տիրացաւ տիտղոսին:
ՎՈՒՏԼԵՆՏԾ ՀԻԼԶԻ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած միջազգային բաց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Տաթեւ Աբրահամեան առաւելագոյն 5 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 ճատրակ խաղացողներ:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ Է Լէ Պեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Ֆրանսայի ճատրակի ֆետերասիոնի կրան փրի» արագ ճատրակի մրցաշարքին տիրացաւ Տիգրան Ղարամեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ: Մրցաշարքին մասնակցեցան 135 ճատրակ խաղացողներ:
Մրցաշարքին աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ նաք-աութի դրութեամբ այլ մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան առաջին ութ դիրքերը գրաւողները:
Ղարամեան հանդիսացաւ հինգերորդ, մինչ տիտղոսին տիրացաւ Լոյեք Վան Վելի (Հոլանտա):
ՓՈԹԻԻ մէջ (Վրաստան) աւարտած Նանա Ալեքսանտրիայի անուան 12 տարեկանէն վար ճատրակի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանէն Մարիամ Աւետիսեանի յաղթանակով. ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ:
Գոռ Գրիգորեան (8-էն վար), Աշոտ Փարվանեան (12-էն վար) եւ Անի Իվանեան (12-էն վար) գրաւեցին երկրորդ դիրքերը:
Գլխաւոր մրցաշարքին Դաւիթ Քալաշեան եւ Սարգիս Վ. Մանուկեան բաժնեցին 1-4 դիրքերը: Թայ-պրէյքի մրցումին Քալաշեան հանդիսացաւ 2-րդ, իսկ Մանուկեան` 4-րդ:


