ԼՕԽ-Ի «ԱՂԹԱՄԱՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Դասընթացքին մասնակիցները եւ դասատուն

Ներկայ դարուս, արհեստագիտութեան արագ հեւքին պատճառած զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ կինը այդ կացութեան հետ հաշտ պահելու նպատակով, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը ձեռնարկեց 4 ամիսներու վրայ երկարող համակարգիչի դասընթացքի մը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:

 

Դասընթացքին դասատուն էր Ցոլակ Հերկելեան` Այնճարի երիտասարդ ուժերէն: Սոյն դասընթացքին հետեւեցան 20 կիներ: Դասատուն սիրայօժար ստանձնեց այս օգտաշատ ձեռնարկին պարտականութիւնը: Դասընթացքը իր լրումին հասաւ եւ այդ նպատակով երէկ` 14 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնաճիւղի «Ֆիլհանէսեան» կեդրոնին մէջ համախմբուած էին վարչութիւնը, յանձնախումբը, դասատուն եւ կիները` ստանալու համար համապատասխան վկայագիրները:

Բացման խօսքով Մատլեն Խօշեան յանձնախումբին անունով դրուատեց կիներուն մասնակցութեան ոգին` ամէնօրեայ նորութեանց հետ քայլ պահելու գիտակցութիւնը` մաղթելով, որ փոխանցուած գիտելիքները օրին եւ տեղին ծառայեն անոնց զաւակներուն, ընտանիքին եւ շրջապատին` ըլլան անոնք միութեան, գործատեղիին եւ այլ վայրերու մէջ: Ապա Խօշեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին, որ իր սուղ ժամերէն բաժին հանեց անսալով ԼՕԽ-ի առաջարկին` յօգուտ հայաւանի կնոջական խաւի զարգացման:

Ապա մասնակից կիները ստացան վկայագիրներ, որմէ ետք հայկական նուռերով պատրաստուած արուեստի գործ մը նուիրուեցաւ դասատուին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին եւ յաջողութիւն ցանկաց վկայեալներուն:

Աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետ Սանդուխտ Հերկելեան դասատուին եւ դաստիարակչական յանձնախումբին փոխանցեց վարչութեան գնահատական խօսքը, մանաւանդ որ յանձնախումբը ամէն ջանք թափած էր յաջողցնելու սոյն ձեռնարկը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES