ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐԸ

Անգլերէն ընթերցանութեան մրցում

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսը երէկ շարունակեց իր աշխատանքները:

Առաւօտեան «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահ այցելեցին Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն,Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն եւ Հայ աւետարանական քոլեճէն աշակերտական խումբեր եւ ծանօթացան ցուցադրութեան դրուած հայ եւ օտար գրականութեան:

Երեկոյեան տեղի ունեցան նախակրթարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ կարգերու անգլերէն եւ Ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանքները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան եւ Ս. Ագնէս, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան եւ Լեւոն Կ. Նազարեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Նուպարեան- Խրիմեան եւ Աքսոր Գասարճեան, Հայ աւետարանական քոլեճ եւ  Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանները:

Ֆրանսեսրէն ընթերցանութեան մրցում

Այսօր երեկոյեան «Վանայ Ձայն»ի մանկական յայտագիրը ուղղակիօրէն կը սփռուի «Փիւնիկ» սրահէն, ուր տեղի կ՛ունենայ ցուցահանդէսը եւ այս առիթով իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել բոլոր փոքրիկները:

Ցուցահանդէսի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 ապրիլի երեկոյեան` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Ընդառաջելով ծնողներու փափաքին, ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2011, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES