«Ժողովուրդը Աղքատացնելու Քաղաքականութիւնը Դիտմամբ Կը Գործադրուի Միացեալ Նահանգներուն Ծառայող Իշխանաւորներուն Կողմէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Դիմադրութեան նահատակ մարտիկներու զաւակներուն աւարտական հանդէսին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին ամբողջ աշխարհը իրենց դէմ ելած էր, «սակայն այսօր բարեբախտաբար Չինաստանը եւ Ռուսիան մեր կողքին կանգնած են», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին անոնց նպատակն էր ճզմել Դիմադրութիւնը եւ ամբողջ աշխարհին զայն ներկայացնել այնպէս մը, որ Դիմադրութիւնը հոգեվարքի մէջ է:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ այս հանգրուանին պայմանները աւելի ծանր են ու դժուար, որովհետեւ ամբողջ շրջանը բարդ օրեր կ՛ապրի:
Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ Դիմադրութիւնը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի այնպիսի պատերազմի մը, որ աւելի նուրբ է եւ սանձազերծուած ամերիկեան վարչակազմին կողմէ:
«Ամերիկացիները քաջ գիտեն, որ չեն կրնար մեր հողերը գրաւել եւ չեն կրնար մեր միտքերուն, սրտերուն եւ հոգիին տիրապետել, այլ խօսքով` չեն կրնար ճզմել պայքարելու մեր կամքը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա եւ աւելցուց, որ ամերիկեան այդ նուրբ պատերազմը կը գործադրուի Ուաշինկթընի խրտուիլակը դարձած իշխանաւորներու կողմէ, որոնք ժողովուրդները աղքատացնելու քաղաքականութիւն կը վարեն:

