Սապունճեան Իսլամական Համալսարանին Հետ Ստորագրեց «Լիրա» Համաձայնագիրը
Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու հետ գործակցութեան «Լիրա» ծրագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան այցելեց Իսլամական համալսարան, որուն նախագահին` Հասան Շալապիի հետ ստորագրեց պատշիրային գործակցութեան այդ համաձայնութիւնը:
Համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մույին Համզէ եւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ:
Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց այս համաձայնութեան մաս կազմող բոլոր համալսարաններուն ճշգրիտ կերպով գործադրելու համաձայնութեան կէտերը:
Ան աւելցուց, որ ճարտարարուեստի նախարարութեան նպատակն է նաեւ «Լիրա»-ի ծրագիրէն աւելի լուրջ գործակցութիւն ունենալ համալսարաններուն հետ:
Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ իր նպատակն է Լիբանանի ճարտարարուեստը վերածել տնտեսական դիմադրողականութեան ազդակի` աւելցնելով, որ Լիբանան փոքր է իր տարածութեամբ, սակայն հարուստ է իր զաւակներուն ձգտումներով:
Վ. Սապունճեան շնորհաւորեց ներկաները ռամատանի առիթով եւ Լիբանանին խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն մաղթեց:


