Արցախի Մէջ Բնակչութիւնը Քուէարկեց Ժողովրդավարութեան Համար
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ 19 յուլիս 2012-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու կանոնաւոր եւ թափանցիկ ընթացքը:
Հակառակ որոշ շրջանակներու ժխտական կեցուածքին եւ սպառնալիքներուն, Արցախի ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, ցուցաբերեց իր հաստատակամութիւնը` ժողովրդավար կարգերու հաստատման ընդմէջէն ամրապնդելու իր անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ միջազգային հանրութեան, թէ կայուն ու մնայուն լուծում կը տրուի Արցախի խնդիրին` միայն իր ժողովուրդի կամքի ազատ ինքնորոշման ճամբով:
«Նշելի է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը, ուր շեշտը կը դրուի Արցախի իշխանութիւններու կամքը` ժողովրդավար միջոցներով կազմակերպելու երկրին հասարակական կեանքը: Առաւել եւս, ընտրութեան օրը աւելի քան 200 միջազգային դէտերու եւ լրագրողներու ներկայութիւնը աշխարհի 51 երկիրներէ, ոչ այլ բան է, քան` Արցախի ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան ճանաչում:
«Կը շնորհաւորենք Բակօ Սահակեանի վերընտրութիւնը նախագահական պաշտօնին` մաղթելով յաջողութիւն իրեն վստահուած առաքելութեան», կ՛ընդգծէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը:

