Հայաստան Եւ Վրաստան Շնորհաւորական Նամակներ Կը Փոխանակեն
Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան ու Կրիկոլ Վաշածէ, երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին առիթով շնորհաւորական նամակներ փոխանակեցին:
Նամակներուն մէջ ընդգծուած են երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը, արձանագրուած յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հեռանկարները:
CATEGORIES Հայկական

