Դիտարկում` Շփման Գիծին Վրայ. Կողմերը Կը Համաձայնին Պահպանել Զինադադարի Դրութիւնը

Երէկ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական խումբը հերթական ծրագրային դիտարկումը կատարեց:

Հայկական կողմէն դիտարկումին մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Անթալ Հերտիչ եւ Իրժի Ապերլէ` Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղի հատուածին մէջ, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով եւ Ուիլիըմ Ֆրայըր` Թովուզի շրջանի Ալիպէյլի գիւղի հատուածին մէջ:

Դիտարկման ընթացքին կողմերը համաձայնութեան եկած են շփման գիծին վրայ պահպանել զինադադարի դրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES