Տը Եոնկ Թվենթէէն Փոխանցուեցաւ Մէօնշընկլատպախ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Լիւք Տը Եոնկ իր ակումբը` Թվենթէն լքելով, միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով գերմանական ակումբին հետ:
21 տարեկան հոլանտացին, որ նախապէս մաս կազմած է Տէօթինչեմի (Հոլանտա) կրտսերներու խումբին, 2009-ին միացաւ Թվենթէի` իր մասնակցութիւնը բերելով Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Ըստ հոլանտական մամուլին, անոր Մէօնշընկլատպախ փոխանցումը արժեց 15 միլիոն եուրօ:
CATEGORIES Մարզական

