Փիւյոլ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի յետսապահ Քարլես Փիւյոլ, որ նախորդ մայիսին ենթարկուած էր ծունկի վիրաբուժութեան, վերսկսած է իր փորձերուն:
34 տարեկան սպանացի միջազգային մարզիկը, որ Սպանիոյ հետ իր մասնակցութիւնը չէր բերած Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, բացակայած էր «Լա-Լիկա»-ի 2011-2012 տարեշրջանի վերջին քանի մը շաբաթներու մրցումներէն:
Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ թէեւ ան այս հանգրուանին իր փորձերուն սկսաւ առանձին, սակայն խումբին հետ երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր պիտի սկսի պատրաստուիլ նոր տարեշրջանին` իր առաջին բարեկամական մրցումը կատարելով Համպուրկի դէմ:
Նշենք, որ յառաջիկայ 30 յուլիսին Փիւյոլ պիտի ենթարկուի յաւելեալ քննութիւններու:
CATEGORIES Մարզական


