Լոնտոն-2012. Ֆութպոլ. Պրազիլի Բերդապահը` Բացակայ

Ռաֆայէլ Քապրալ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ողիմպիական խումբին բերդապահը` Ռաֆայէլ Քապրալ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Լոնտոն-2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն:

Մէջբերելով խումբին բժիշկին` Ժոզէ Լուիս Ռունքոյի կատարած յայտարարութիւնը, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կ՛ըսէ, որ Ֆիորենթինայի բերդապահ Նեթօ պիտի փոխարինէ Քապրալը, մինչ 19 տարեկան Կապրիալ (Ա. Սէ. Միլան) պիտի ըլլայ խումբին պահեստի բերդապահը:

Նշենք, որ Պրազիլի մարզիչ Մանօ Մենեզեսի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, այսօր պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Եգիպտոսի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES