Արժանթինի Նախագահը Ներկայ Պիտի Չըլլայ Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Իր լուրը քաղելով sport-express.ru կայքէջէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տը Քիրշնըր 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի չըլլայ:

Արժանթինի եւ Անգլիոյ միջեւ հետզհետէ զարգացող լարուածութեան պատճառով արժանթինեան կառավարութեան ոչ մէկ անդամ բացման արարողութեան պիտի մեկնի Անգլիա:

Սակայն անգլիական մամուլին համաձայն, այս ողիմպիական խաղերուն պատմութեան մէջ թիւով ամէնէն շատ երկիրներու ղեկավարները պիտի ժամանեն Լոնտոն:

Share this Article
CATEGORIES