Օտրիսքոլ Նշանակուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի Մարզիչ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նոթինկհամ Ֆորեսթի նոր սեփականատէրը ակումբի մարզիչ նշանակեց Շոն Օտրիսքոլ:
Երկու անգամ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին տիրացած Ֆորեսթի նոր սեփականատէրը` քուէյթեան ընտանիք մը, որոշեց այդ պաշտօնը վստահիլ 55 տարեկան Օտրիսքոլի, որ նախապէս կրած է Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:
Նշենք, որ ան յաջորդեց Սթիւ Քաթըրիլի, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնանկ եղաւ:
Ֆորեսթ, որ այժմ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, վերջին անգամ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ տեսնուեցաւ 1999-ին:
CATEGORIES Մարզական


