Տիգրան Քանթիքեան Ժամանեց Երեւան

Տիգրան Քանթիքեան

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ մակեդոնական Ռապոթնիչքի խումբի 19 տարեկան բերդապահ Տիգրան Քանթիքեան ժամանած է Երեւան:

Ֆութպոլիստը, որ ժամանակաւորապէս հաստատուած է ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, կը կարծուի, որ շուտով պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Փիւնիկ Երեւանի հետ:

Թէեւ Քանթիքեան քանի մը առիթներով հրաւիրուած է Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքական, սակայն տարբեր պատճառներով դժբախտաբար չէ կրցած առաջին անգամ ըլլալով կրել Հայաստանի ֆութպոլի շապիկը:

Հայկական մարզական լրատուական կայքէջը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Քանթիքեան արդէն իսկ գարնան ըսած էր, որ կը մտադրէ Հայաստան հաստատուիլ:

Share this Article
CATEGORIES