Հեծելարշաւ. Մհեր Մկրտչեան Փորձեր Կը Կատարէ Իտալական Խումբի Մը Հետ

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երիտասարդ հեծելանւորդ Մհեր Մկրտչեան փորձեր կը կատարէ իտալական «Կովարտօ Թեքմոր» արհեստավարժ խումբին հետ:

Ան իր այս փորձառական շրջանը պիտի կատարէ մինչեւ սեպտեմբեր, կը յայտնէ «Արմենպրես»` իր լուրը քաղելով Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնէն:

Հեծելարշաւի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան անոր արձանագրած փայլուն արդիւնքները եւ արծաթէ մետալներու տիրանալը նկատի առնելով` իտալական խումբին իտալացի մարզիչները որոշած են Իտալիա հրաւիրել Մկրտչեանը:

Նշենք, որ իտալական նշեալ խումբը Միլանօ քաղաքի արհեստավարժ ակումբներէն մէկն է: Կը կարծուի, որ ան այդ փորձառական շրջանէն ետք պայմանագիր մը ստորագրէ խումբին հետ:

Share this Article
CATEGORIES