«Եուրոփա Լիկ». Հայկական Խումբերը Պէտք Ունին Նուազագոյնը 3-0 Արդիւնքով Յաղթանակի
Այսօր` հինգշաբթի, 26 յուլիսին, տեղի պիտի ունենան «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները:
Հայկական երկու խումբերը` Շիրակ եւ Գանձասար, քիչ մը դժուար առաքելութիւն մը ունին կատարելիք: Անոնք կարիքը ունին նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` մրցաշարքը շարունակել կարենալու համար` նկատի ունենալով, որ երթին կրած են 2-0 արդիւնքով պարտութիւն` իրենց մրցակիցներուն դաշտին վրայ:
Շիրակ իր մրցումը պիտի կատարէ ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով)` հիւրընկալելով Պնէյ Եհուտա Թել Աւիւը, իսկ Գանձասար, որ իր մրցումը պիտի կատարէ ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի հիւրընկալէ Սերվեթը (Զուիցերիա):
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ այսօրուան երկու մրցումներն ալ ուղղակիօրէն կարելի է դիտել պատկերասփիւռի կայանէն:
Շիրակի մրցումը պիտի պատկերասփռուի Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն (Հ1), իսկ Գանձասարի մրցումը` «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանէն:

