Պասքեթպոլի Իրաւարարներու Դասընթացքներ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղի պիտի ունենան իրաւարարներու յատուկ դասընթացքներ` հսկողութեամբ ու կազմակերպութեամբ լիբանանցի միջազգային իրաւարարներու եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:

Բոլոր անոնք (տղաք եւ աղջիկներ), որոնք կը փափաքին իրաւարարներու այս յատուկ դասընթացքներուն հետեւիլ, պէտք է անոնց տարիքը տարուբերի 19-28-ի միջեւ:

Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 17:00, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ):

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 16 օգոստոսը:

Ենթական իրեն հետ պէտք է բերէ միայն լուսանկար մը, որ կցուած պիտի ըլլայ դիմումնագիրին: Արձանագրութիւնը ամբողջութեամբ ձրի է:

Share this Article
CATEGORIES