50 Տարի Առաջ ( 27 Յուլիս 1962 )

ՀՄԸՄ-ի Թրիփոլիի Մասնաճիւղին
Շքեղ Երեկոյթը

Թրիփոլիի մասնաճիւղի սկաուտական խումբին վերակազմութեան առիթով ՀՄԸՄ-ի տեղական վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ գեղարուեստական եւ շարժանկարի երեկոյթ մը կազմակերպել, շաբաթ, 14 յուլիս 1962-ին տեղւոյն Ազգային վարժարանի սրահին մէջ:

Երեկոյթի յաջողութեանը համար գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի խումբ մը երէց սկաուտներ եւ արենուշներ, որոնք հայկական պարերով եւ թատերական ներկայացումով («շողոքորթը») խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին հանդիսականներուն մօտ` ընդհանուր փայլ մը տալով հանդէսին:

Պէյրութի սկաուտական կազմին այս քաջալերական արարքը առաջինը չէր, որ կը հանդիսանար, որուն համար մասնաճիւղին վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղութը յաճախ իրենց խոր գոհունակութիւնը յայտնած են:

Շարժանկարի ցուցադրութեան բաժինը սիրով ստանձնած էր կատարել տեղւոյն «Քոքա-քոլա» ընկերութիւնը, որ իր բարի կամեցողութեամբ եւ ընձեռած աջակցութեամբ նոյնպէս հաճելի առիթ մը եւս շնորհեց վարչութեան` երեկոյթին ընթացքին շարժանկարի խօսուն եւ գունաւոր հետաքրքրական ժապաւէն մը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ` ներկաներուն «Քոքա-քոլա» զովացուցիչով հիւրասիրելով:

Հոծ բազմութիւն մը եկած էր, ինչպէս ամէն անգամ քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի ձեռնարկը:

Օրուան նախագահն էր վարչութեան ատենապետ Երջանիկ Տնկիկեան, որ բացման խօսքը կատարելէ ետք հանդէսը բացուած յայտարարեց` խնամքով պատրաստուած յայտագիրը գործադրելու համար:

Նախ բեմ հրաւիրուեցաւ Պէյրութէն վարիչ առաջնորդ Ստեփան Չաքմաքճեան, որ շատ հետաքրքրական տուեալներով` ՀՄԸՄ-ի եւ սկաուտութեան ծագումին մասին ծանօթութիւններ տուաւ:

Սեդա Թելեան ապրումով արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Որբերուն ձեռքերը»` խոր տպաւորութիւն ձգելով եւ խելայեղ ծափեր խլելով ներկաներէն:

Շրջ. վարչութեան կողմէ երկու խօսք խօսեցաւ Զաւէն Սապունճեան որ հակիրճ կերպով բացատրեց սկաուտիզմի դերը ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս եւ ուրախութիւն յայտնեց Թրիփոլիի սկաուտական խումբին վերակազմութեան առիթով, Շրջանային վարչութեան ջերմ շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ հարիւր լիբ. ոսկի այս առիթով իր կողմէ կատարուած նուիրատուութեան ուրախ լուրը մեզ փոխանցելէ յետոյ: Վարուժնակ Նարկիզեան շատ համարձակ կերպով եւ սիրուն ձայնով մեներգեց «Ինչո՞ւ մեր այգին ինկար» երգը` ներկաներուն ջերմ գնահատանքին արժանանալով:

Թրիփոլիէն երէց սկաուտ Նուպար Յարութիւնեան աքորտէօնի վրայ մեղմ եւ անո՜ւշ եղանակ մը նուագեց: Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի խումբ մը երէց սկաուտներ եւ արենուշներ գոյնզգոյն տարազներով շատ յաջողութեամբ գեղջկական հայկական պարեր պարեցին` ժողովուրդին խանդավառութիւն պատճառելով:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տեղւոյս սկաուտական խորհուրդի նախագահ եւ վեթերան Սիմոն Թերճանեան, որ գովեց տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի վարչութեան գորունէութիւնը եւ ըսաւ, թէ ան կրցաւ գերմարդկային ճիգով մէկ շաբթուան ընթացքին սկաուտութիւնը վերակազմել, տեղւոյն նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հանդիսութեանց առիթով` իր ներկայութիւնը եւ գործակցութիւնը բերելով:

Ի տես սկաուտական վերակազմութեան` Սիմոն Թերճանեան, խանդավառուած, հրաւիրեց ներկաները, որ սկաուտական զանազան պիտոյքներու գնման համար իրենց նիւթական եւ սրտաբուխ նուէրները տան վարչութեան:

Իսկոյն հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ գոյացաւ 350 լ. ոսկի: Նուիրատուներու անունները պիտի տանք առանձին:

Վերջապէս, տեղի ունեցաւ անհամբեր սպասուած թատերական ներկայացումը, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էր երէց սկաուտ Յարութիւն Հապէշեան: Ջերմ գնահատանքի արժանի են բոլոր դերակատարները, որոնք իրենց կարելին ըրին` հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելու, մասնաւորաբար կը շնորհաւորենք Յարութիւն Հապէշեանի խաղարկութիւնը` «Շողոքորթ»-ի դերին մէջ:

Պէյրութի երէց սկաուտներէն Մանասէ Գէորգեան միջնարարներուն «հարմոնիքով» զմայլելի քանի մը եղանակներ նուագեց բուռն ծափահարութիւններու արժանանալով:

Ներկայացումէն ետք դադար տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին «Քոքա քոլա» ընկերութիւնը ներկաները հիւրասիրեց «Քոքա-քոլա» զովացուցիչով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւնը, որ մօտ 1 ժամ տեւեց: Ընկերութեան տնօրէնը ուրախութիւն յայտնեց, թէ եկած է ծառայելու ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ոչ մէկ ակնկալութիւն սպասելով եւ պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ իր օժանդակութիւնը բերելու ամէն անգամ, որ ՀՄԸՄ-ը իր ընձեռած ձեռնարկներուն ընկերութեան համեստ աջակցութիւնը կ՛ուզէ վայելել:

Մասնաւոր գնահատանքի արժանի է Թրիփոլիի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը, որ կրցաւ գաղութին մէջ տարիներէ ի վեր դադրած սկաուտական շարժումը վերակենդանացնել եւ յաճախ նման ձեռնարկներ կազմակերպել, ՀՄԸՄ-ի նպատակին ծառայելու նպատակով, որ մեր ամէնուս սրտին կը խօսի:

Հանդէսը փակուեցաւ տէր հօր պահպանիչով:

Ժողովուրդը մեկնեցաւ շատ գոհ տրամադրութեամբ, անմոռանալի յիշատակ մը տանելով իր հետ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES