Արուեստի Աշխարհէն. Ողիմպիականի Արուեստը Կը Վերստեղծէ Ֆրանսական Գլուխ Գործոց Մը Եւ Քիչ Մը Աւելին
ԵՐԲ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԷՐ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԶԲՕՍԱՅԳԻՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ ԷՐ ԲՆԱԿԵԼՈՒ ՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ` ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ.
Ողիմպիականի զբօսայգին կառուցող շինարարները լուսանկարուած են այնպէս, որ յիշեցնեն ֆրանսական հռչակաւոր գեղանկար մը: Գեղանկարին մէջ պատկերուած բնանկարին եւ Ողիմպիականի զբօսայգիին միջեւ նմանութիւնը արուեստագէտը մղած է ստեղծելու նկարը:
Նեւիյ Կապի Լոնտոնի մէջ Ողիմպիականի պատրաստութեան պատասխանատուներուն կողմէ հրաւիրուած էր իբրեւ արուեստագէտ որոշ ժամանակ մը ապրելու Ողիմպիականի զբօսայգիին մէջ, երբ անիկա կը կառուցուէր 2010-ի հոկտեմբերէն 2011-ի յունուարի միջեւ:
«Ինծի ներկայացուցած էին զբօսայգիին իրենց պատկերացումները», – կ՛ըսէ Կապի:- «Անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց նմանութիւնը «Ասնիերի մէջ լոգցողները» գեղակարին հետ»:

«Ասնիերի մէջ լոգցողները» այցելուներ ներգրաւող գեղանկար մըն է Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին մէջ:Ողիմպիականի զբօսայգիին վայրը յիշեցնող այս գեղարուեստական պատկերումը ներշնչման աղբիւրն է Կապիի լուսանկարին:
Ճորճ Սորայի հռչակաւոր գեղանկարը, որ կը ցուցադրուի Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահին մէջ, 19-րդ դարու տպաւորապաշտ գեղանկարչութեան գլուխ գործոցներէն է:
Սակայն միայն երկու գետափի նմանութիւնները չեն, որոնք գրաւած են Կապիի ուշադրութիւնը:
«Սորայի արուեստի գործը գծուած է 1884-ին, երբ Ֆրանսա դարձած էր հանրապետութիւն, եւ երբ ընդունելի դարձած էր գծել քաղաքային սովորական տեսարաններ, աշխատաւոր խաւի մարդիկ եւ գործարաններ` խորապատկերի վրայ», ինչպէս կը բացատրէ Կապի:
«Ողիմպիականի զբօսայգիին գաղափարը այն է, թէ անիկա հանրային զբօսայգի մըն է` ժողովուրդին համար, սակայն փոխանակ յետճարտարարուեստական բնանկար մը պարզելու` կը պարունակէ մարզական տարածքներ», կ՛աւելցնէ ան:
Այս գաղափարը ինքնին խանդավառած է Կապին եւ ան անդրադարձած է, թէ իր տարբերակը` «Ֆրիզ ֆրէյմ», կրնար ընկերային զուգահեռներ գծել ֆրանսական գեղանկարին միջեւ:
Այնուհետեւ Կապի սկսած է մտածել, թէ որո՛նք պէտք էր «բնակէին» իր լուսանկարին մէջ: Հետեւաբար ան սկսած է իր ժամանակը անցընել` հետեւելով «զբօսայգիին մէջ աշխատող տիպարներուն շարժումներուն»:
«Այժմ բոլորն ալ լաւապէս կը ճանչնամ,- կ՛ըսէ ան, եւ կը բացատրէ, թէ իր լուսանկարին մէջ պատկերուած անձերը բոլորն ալ կ՛աշխատին Ողիմպիական զբօսայգիին հիւսիսային կողմը:
Պատկերուած անձերուն շարքին են զբօսայգիին ճարտարապետն ու պարտիզպանները, ապահովութեան հսկող պահակ մը, ճարտարագէտ մը, նաեւ` մարդ մը եւ իր շունը, որոնք ժամանակին մաս կը կազմէին քաղաքային ոստիկանութեան պայթուցիկ նիւթերու յատուկ ջոկատին:
Լարուածութիւն
Կապի համացանցի վրայ պլոկի մը մէջ կը նկարագրէ, թէ որքա՛ն դժուար էր նկարել ճիշդ այն պատկերը, որ կը փափաքէր ունենալ: Ի վերջոյ 2011-ի յունիսին ան նկարած է զայն:
«Երբեք չէի պատկերացուցած, թէ նման պարզ գաղափար մը կրնար այսքա՛ն բարդանալ: Իրօք, անիկա վերածուեցաւ գումակային մղձաւանջի», կը գրէ ան:
«Պարզապէս անհրաժեշտ սարքերը եւ նաւակները զբօսայգի հասցնելը` ապահովական խուզարկութիւններէ անցընելով զանոնք, ինչպէս նաեւ` իւրաքանչիւր անձ նախապէս որոշուած տարբեր վայրերուն մէջ տեղադրելը շատ աւելի լարուած աշխատանք էր, քան ինչ որ կ՛երեւակայէի»:
«Դար մը տեւեց, մինչեւ որ ամէն ոք իր տեղը գրաւեց եւ նաւակները ճիշդ իրենց տեղը զետեղուեցան, որպէսզի երկվայրկեանի մը մէջ առնէի լուսանկարը: Այսինքն` երբ Սթիւի շունը կանգնած էր անշարժ, յանկարծ նաւերը կը սկսէին շարժիլ կամ` գետինը փորող աշխատաւոր մը կը յայտնուէր գետին միւս ափին», կը նկարագրէ ան:
Բրիտանիոյ բնակիչ Կապի ծնած է Հարաւային Ափրիկէ, 1959-ին եւ քանդակագործութիւն ուսած է Ռոյըլ քոլեճ աֆ արթի մէջ:
Անոր գործերը կ՛ընդգրկեն լուսանկարներ եւ քանդակներ: Նախապէս ան իբրեւ արուեստագէտ հրաւիրուած է մաս կազմելու 500 միլիոն փաունտ արժած շուկաներու, ժամանցի եւ բնակութեան յատուկ վայրի մը շինութեան ծրագիրին` Պրիսթոլի մէջ, նաեւ մասնակցած է արուեստագէտներու եւ գրագէտներու յատուկ ծրագիրի մը` հարաւային բեւեռի Հալի ուսումնասիրական կեդրոնին մէջ:
Այժմ ան կը ստեղծագործէ Ողիմպիականի զբօսայգիին մէջ իր փորձառութիւններուն ներշնչումով եւ իր գաղափարները «տեսանելի» կը դարձնէ ժապաւէններու եւ քանդակներու ճամբով:
Կապիի ժապաւէններէն մէկը կը պատկերէ դիմանկարը 239 անձերու, որոնք կառուցած են Ողիմպիականի մարզադաշտը: Ժապաւէնին տեւողութիւնը 9.58 երկվայրկեան է. ճիշդ այնքան, որքան` Ուսայն Պոլթի հաստատած 100 մ. վազգի աշխարհի մրցանիշը:
Ակնթարթի մը մէջ կը կորսուի ժապաւէնը: Խորքին մէջ անիկա կը պատկերէ մէկ անձ, սակայն «անակնկալօրէն անոր մէջ կը յայտնուին այլ անձեր», կը բացատրէ Կապի:
Կապի նաեւ ինքզինք առանձին նկարահանած է մարզադաշտին մէջ:
«Երբ առանձին կը կանգնիս հսկայական եւ դատարկ մարզադաշտի մը մէջ, ինչպէ՞ս կ՛ընկալես նման հսկայական եւ լուռ տարածք մը», հարց կու տայ ան:
Պատկերացնելով, թէ որքա՛ն շարժում տեղի պիտի ունենայ հոն, ինչպէ՞ս կրնաս չափել անոր տարողութիւնը»:
Ի վերջոյ ան որոշած է ինքզինք նկարահանել այնքան մեծ թիւով աթոռներու վրայ, որքան որ կարելի էր, հագած` շինարարներու յատուկ ուշագրաւ թիկնոց մը, պողպատէ քիթով մոյկեր եւ գլխուն դրած` կարծր գլխարկ մը:
«Մարզադաշտին մէջ անցուցի 69 ժամ, նստայ շուրջ 40 հազար աթոռներու վրայ. 69 հազար աթոռ կար, երբ կը նկարահանէի», կ՛ըսէ ան: Այժմ մարզադաշտը կրնայ ընդունիլ 80 հազար ակնդիրներ:
Այս աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` պատրաստուած են երեք ժապաւէններ. մէկը` իրական ժամանակի մէջ, միւսը` ժամանակի խաբկանքով, իսկ երրորդը` քիչ մը արագացած կշռոյթով:
Ժապաւէնները հրապարակուած են Վիու Թիւպի վրայ եւ կը ցուցադրուին Ողիմպիականի աւանին Նիւհամ լիժըր սենթըրի մէջ:
(Յապաւուած)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


