Արուեստի Աշխարհէն. Փողոցին Մէջ Ստեղծագործող Արուեստագէտներուն Ողիմպիականը

Պատերը խծբծող հռչակաւոր արուեստագէտ Պանքսի վերջերս գծած է «Հեքնի կ՛ողջունէ Ողիմպիականը» եւ «Կաղապարում» վերնագիրներով երկու նկարներ:
ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ: ՍԱԿԱՅՆ ՄԻՆՉ ՔԱՂԱՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԶԱՆՈՆՔ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ, ՈՐ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԴՐՈՇՄԱԾ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԵՐԸ ԿԸ ՍՐԲՈՒԻՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ՇԱՏԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՈՎ, ԼՈՆՏՈՆԸ ՓՈՂՈՑԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԻՒ ՄԷԿ ՎԱՅՐՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ՎՐԴՈՎՄՈՒՆՔԻ ԱԼԻՔ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ՔԱՅԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ:
Արեւելեան Լոնտոնի Պրիք Լէյն թաղամասին կրպակներուն եւ քարի համեմին բուրմունքով լեցուն ճաշարաններուն միջեւ սողոսկելով` մարդիկ մերթ ընդ մերթ կանգ կ՛առնեն ըմբոշխնելու համար փողոցի արուեստը:
Լուսանկարչական-բջիջային հեռաձայններ բռնած զբօսաշրջիկներ եւ լուսանկարչական կատարելագործուած գործիքներով զինուած արուեստի սիրահարներ բոլորն ալ պահ մը կանգ կ՛առնեն նկարելու համար պատի իւրաքանչիւր շերտ զարդարող տպածոյ գծագրութիւն եւ որմնանկար:
Ասիկա Լոնտոնի այն սակաւաթիւ վայրերէն է, ուր կը փառաբանուի փողոցի մշակոյթը:
Իրօք, Պրիք Լէյնի Սփայթըլֆիտծ շուկային տեղեկատուական մէկ կեդրոնը փողոցի արուեստը կը ծանուցէ իբրեւ շրջանին տեսարժան երեւոյթներէն մէկը:
Սակայն փողոցի արուեստագէտներու համաձայն, նոյնը կարելի չէ ըսել Լոնտոնի այլ շրջաններուն մասին, ուր խծբծուած պատեր, որոնք անհպելի կը մնային տարիներէ ի վեր, այժմ կը մաքրուին:
Իշխանութիւններու համաձայն, պաշտօնական որեւէ հրամանագիր չէ արձակուած` խծբծուած պատերը մաքրելու: Անոնք կ՛ըսեն, թէ պատերը կը մաքրեն միայն այն ատեն, երբ դժգոհութիւն լսեն:
Սակայն փողոցի արուեստի նմուշներ ցանկագրող «Վերի Նիրլի Օլմոսթ» թերթի լրագրող Ճեֆ Ուայթհաուս տարակարծիք է:
«Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ընդհանուր մաքրութեան արշաւ մը կայ Հեքնիի մէջ», կ՛ըսէ ան:
«Ասիկա մաս կը կազմէ աւելի ընդհանուր հարցի մը. քաղաքապետական խորհուրդներ մէկ կողմէ ոչ մէկ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերեն պատերը խծբծելու նկատմամբ, որովհետեւ զայն կը համարեն բարբարոսութիւն եւ հակաօրինական, սակայն, միւս կողմէ, կը յայտարարեն, թէ կը փափաքին պահպանել Պանքսիի նկարած գործերը»:

Աղերսագրեր հաւաքելու արշաւ մը սկիզբ առաւ, երբ քաղաքապետական խորհուրդը պաստառով մը ծածկեց այս որմանկարը:
Հեքնիի քաղաքապետական խորհուրդին մէկ բանբերը կ՛ըսէ, թէ բաւական երկար ժամանակ տրամադրուած է որոշելու համար, թէ պատկեր մը պարզապէս խծբծա՞նք է, թէ՞ փողոցի արուեստ, զոր պէտք է պահպանել:
«Քիփ Պրիթըն թայտի» (Բրիտանիան մաքուր պահեցէք) կազմակերպութեան քարոզարշաւի պատասխանատուն` Հելեն Պինկհամ կ՛ըսէ. «Տարբերութիւն մը կայ ցածորակ պիտակ կրող խծբծումներու եւ Պանքսիի նման անձերու գործերուն միջեւ»:
«Հարկ է դիտել եւ ճանչնալ տարբերութիւնը: Սեւ ու ճերմակ չէ այս տարբերութինը»:
Երկուշաբթի օր Պանքսի համացանցի իր կայքին մէջ հրապարակեց շէնքի մը վրայ Ողիմպիականի բնաբաններով դրոշմած իր պատկերները: Այս շէնքին վայրը տակաւին չէ բացայայտուած:
Փողոցներու Մաքրագործում
Տարըն Քալըն արհեստավարժ արուեստագէտ մըն է, որ ձերբակալուեցաւ անցեալ շաբաթ` աւեր գործելու գրգռութիւն յառաջացնելու կասկածով:
Ոստիկանութիւնը հարցաքննած է զայն եւ տեղեկութիւններ պահանջած է պատեր խծբծելու առնչուած համացանցի կայքի մը հետ իր կապերուն մասին: Արուեստագէտը, որ առաջարկ ստացած էր նկարներով զարդարելու Ողիմպիականի մարզաւանը, ի վերջոյ ազատ արձակուած էր, սակայն անոր արգիլուած է մօտենալ Ողիմպիականի յատուկ տարածքներէն որեւէ մէկուն:
«Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները կը փորձեն մաքրել փողոցները», կ՛ըսէ ան:
«Արեւելեան Լոնտոնը հռչակաւոր է իր փողոցի արուեստով: Անիկա ուխտավայր մըն է, փողոցի արուեստի թիւ մէկ վայրը` աշխարհի տարածքին»:
«Արեւելեան Լոնտոնի շուրջ տարածուող շրջանները երկու կամ երեք տարիէ ի վեր փողոցի արուեստի նմուշներ կրած են իրենց պատերուն վրայ եւ անհպելի մնացած են: Սակայն այժմ յանկարծ մաքրութեան արշաւ մը ծայր տուած է: Բացայայտ է, որ պատճառը Ողիմպիական խաղերն են», կ՛ըսէ Քալըն:
Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ «Լոքոկ»-ի համաձայն, պաշտօնական որեւէ ցուցմունք չէ կատարուած խծբծուած պատերը մաքրելու:
Միւս կողմէ` փողոցի արուեստագէտներ կ՛ըսեն, թէ իրենց խօսքի ազատութիւնը կաշկանդուած է, երբ Ողիմպիականի բնաբանով իրենց արուեստի գործերը անմիջապէս կը վերցուին:
Մաու Մաու այն արուեստագէտներէն է, որոնց գործերը ներկով ծածկուած են:
Մաու Մաուի գծած պատկերը ակնկարկութիւն մը կը կատարէր Ողիմպիական խաղերուն հաւաքական եւ կենսոլորտային ենթադրեալ անդրադարձներուն: Մաու Մաու այս ամիս արտօնութիւն ստացած էր զայն գծելու շտեմարանի մը պատին վրայ` Լոնտոնի արեւմտեան Իլինկ շրջանին մէջ:
Անիկա հազիւ 6 օր գոյատեւած էր, եւ քաղապետութիւնը զայն ներկով ծածկել տուած էր:
«Ձեւով մը կ՛ակնկալէի, որ սրբուէր նկարը: Կ՛ենթադրեմ, որ մէկը զայն վիրաւորական նկատեց հանրութեան համար», կ՛ըսէ Մաու Մաու:
«Խարանի նման է ասիկա: Խելայեղ հալածանք է», կ՛աւելցնէ ան:
Իլինկի խորհուրդին մէկ բանբերը կ՛ըսէ, թէ Մաուի գործը սրբուած էր, որովհետեւ գանգատ ներկայացուած էր:
«Ասիկա կը համապատասխանէ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին մէջ բոլոր տեսակի խծբծումները մաքրելու մեր քաղաքականութեան, բացի, եթէ մեզի նախօրօք տեղեկացուի, թէ գործ մը շէնքի մը պատին վրայ դրոշմուած է անոր սեփականատիրոջ համաձայնութեամբ եւ որեւէ ձեւով չի խանգարեր», կ՛աւելցնէ ան:
Պինկհամ դրական երեւոյթ կը նկատէ քաղաքապետական խորհուրդներու կողմէ խծբծուած պատերը մաքրելու արշաւը:

Քաղաքապետական խորհուրդներու վիճակուած է որոշել, թէ պատի մը վրայ պատկերուած նկար մը խծբծա՞նք է, թէ արուեստի գործ:
«Լաւ է, որ ամբողջ երկիրը կը մաքրուի եւ կը բարեզարդուի: Խծբծուած պատերը լքուած վայրի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծեն եւ իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն տուեալ վայրի մը շուրջ կազմուող կարծիքներուն վրայ», կ՛ըսէ ան:
«Աւելի քան մէկ միլիոն յաւելեալ այցելու պիտի ունենանք, հետեւաբար կը փափաքինք, որ անոնք շրջանը տեսնեն իր լաւագոյն վիճակին մէջ», կ՛աւելցնէ բանբերը:
Պրիք Լէյնի մէջ աղերսագիր մը ներկայացուած է վերցնելու համար քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ պարզուած հսկայական պաստառ մը, որ տարածքը կը ծանուցէր իբրեւ «2012-ի Ողիմպիականին քարի համեմին մայրաքաղաքը»: Պաստառը կը ծածկէր փողոցի արուեստագէտ Ռոյի մէկ որմնանկարը, որ կը պատկերէ կռունկ մը:
Աղերսագիրը կը նշէր. «Ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ կը հմայուին արուեստի գեղեցիկ գործի մը ի տես, որ Թաուըր Համլենցի բնակիչներուն նուիրուած է միջազգային ճանաչում վայելող արուեստագէտի մը կողմէ»:
Աւելի քան 1700 ստորագրութիւններով աղերսագիրը ստանալէ ետք քաղաքապետական խորհուրդը մէկ գիշերուան մէջ վար առած է պաստառը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



