«Ակնթարթներ Մարդու Եւ Կեանքի Առօրեայէն» (Հեղինակ` Պէպօ Սիմոնեան)
2012-ին, Պէյրութ, Շիրակ հրատարակչատան մէջ լոյս տեսաւ լիբանանահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ գրաքննադատ Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն», խորագրեալ գործը` մեկենասութեամբ հեղինակի զաւակներուն` Տիգրան եւ Սիլվի Գալայճեաններուն եւ Ռազմիկ եւ Հերա Գալայճեաններուն:
Հատորը կը բաղկանայ 324 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 40 արձակ գրութիւններ, որոնց արծարծած նիւթերը առհասարակ տոգորուած են ազգասիրական ապրումներով եւ ունին հայրենասիրական եւ համամարդկային բնոյթ:
Պէպօ Սիմոնեան աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին հարստացուցած է սփիւռքահայ ժամանակակից հայ գրականութիւնը` գրական եւ հրապարակագրական բազում իրագործումներով:
Իր ստեղծագործական վաստակը կը բաղկանայ առաւելաբար բանաստեղծութիւններէ եւ արձակ էջերէ:
Բանաստեղծութիւններու շարքին կը դասուին հետեւեալ քերթողագիրքերը. «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991) եւ «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004), որ հրատարակուած է արժանանալով Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի գնահատանքին:
Իսկ արձակ էջերուն մաս կը կազմեն հետեւեալ երկերը. «Ծուէն ծուէն երիզներ» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986) եւ «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012):
Վերոյիշեալ գործերուն առընթեր, Պէպօ Սիմոնեան գրած է նաեւ մարդկային իրաւունքներու, հայակերտման, մանկավարժութեան եւ գրականագիտական հարցերու վերաբերեալ երկեր` 1994-2009 թուականներուն:
Յիշեալ հատորով Պէպօ Սիմոնեան կեանքէն քաղած իր տպաւորութիւնները կ՛արձանագրէ իրապաշտ գոյներով: Շրջապատի իրերն ու երեւոյթները իրենց ամէնէն աննշան հանգամանքովն իսկ չեն վրիպիր իր ուշադրութենէն, զորս կը պատկերացնէ շահեկան տուեալներով:
Հատորին գրութիւնները հեղինակը գրի առած է 1980-ական թուականներուն, երբ Լիբանանի ժողովուրդը կ՛ապրէր քաղաքացիական պատերազմի դժոխային մթնոլորտին մէջ: Այս իրողութեամբ, հակառակ մայրաքաղաքը երկփեղկող վտանգաւոր սահմանագիծերու եւ անցարգելներու գոյութեան, Պէպօ Սիմոնեան կը յանդգնէր անցնիլ քաղաքին մէկ շրջանէն միւս շրջանը` գրական եւ մշակութային հանդիսութիւններու ներկայ ըլլալու կամ հրապարակային դասախօսութիւններ տալու առաքելութեամբ, արհամարհելով ամէնուրեք տիրապետող մահուան սարսափն ու անդոհանքը:
Այս դժնդակ պայմաններուն տակ, հեղինակը, որոշ առիթներով, այցելած է սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներն ու մշակոյթի ոստանները, ինչպէս` Երեւան, Տուպայ, Շարժա, Նիս, Լոնտոն, Մոնրէալ, Թորոնթօ, Նիւ Ճըրզի եւ Լոս Անճելըս, ուր ունեցած է շահեկան հանդիպումներ կարգ մը անձերու հետ, որոնք գաղթած են Լիբանանէն եւ բնակութիւն հաստատած` օտար վայրերու մէջ: Կ՛ըսէ, թէ Երեւանէն մինչեւ Նիս քաղաքը, Լոնտոնէն մինչեւ Թորոնթօ եւ Լոս Անճելըս, իւրաքանչիւր ոստան վաղնջայուշ ծանօթութեան մը հետ, արուեստի եւ մշակոյթի արժէքներով բնորոշ իւրայատկութիւն մը:
Այս առումով, Պէպօ Սիմոնեանի այցելած քաղաքներուն մէջ յատկանշականը հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքն է, ուր ան ծանօթացած եւ մտերմացած է նահատակ-գրագէտ Ռուբէն Սեւակի զաւակներուն` Շամիրամի եւ լեւոնի ու եղբօրորդւոյն` Յովհաննէս Չիլինկիրեանի հետ:
Արդարեւ, Սիմոնեանի հրաւէրով Շամիրամ կու գայ Պէյրութ, 1994 թուի ապրիլ 23-ին, ուր ներկայ կը գտնուի իր նահատակ հօր Ռուբէն Սեւակի յիշատակին նուիրուած Սահակեան Լ. Մկրտիչեան քոլեճի մատենադարանին բացման հանդիսութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի հովանաւորութեամբ: Այս առնչութեամբ, հեղինակը կը յիշէ Հայաստանի մէջ, Նոր Արաբկիրի միջնակարգ վարժարանը, որ կոչուած է Ռուբէն Սեւակի անունով:
Հատորին մէջ բաւարար տեղ տրամադրուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառած նիւթական այն ահաւոր զրկանքին, որուն ենթարկուեցան բազմահազար քաղաքացիներ, որոնց կենցաղային տխուր պատկերը կը ներկայացնէ հեղինակը: Բժշկական խնամքէ զուրկ եւ յետին չքաւորութեան մատնուած այդ դժբախտ լիբանանցիները, կ՛ըսէ Պէպօ Սիմոնեան, իրենց «գործատիրոջ կողմէ աշխատանքէ արձակուելով, գործազո՛ւրկ թշուառական խլեակներու վերածուելու» սարսափազդու յաճախանքը կ՛ապրին ամէն օր:
Բարոյախօսական պատգամ մը կը թելադրէ «Աւելածուին պէս…» խորագրեալ տպաւորապաշտ գրութիւնը, ուր Պէպօ Սիմոնեան վաղ առաւօտ մը պատշգամէն կը հետեւի աւելածուի մը առօրեայ աշխատանքին, որ պարտաճանաչութեամբ կը հաւաքէ փողոցին մէջ կուտակուած աղբերը: Պահ մը կարեկցանքով նայելով այդ աշխուժ աւելածուին` հեղինակը կ՛ըսէ. «Այս աղբահաւաք աւելածուին պէս մարդիկն են, որ հայրենիք կը կերտեն, ընկերութեան բարոյական կառոյցը կ՛ամրացնեն, տիպար քաղաքացիի կերպարը կը ստեղծեն…»:
«Աստուած եւ արուեստ» խորագրեալ գրութեամբ, Պէպօ Սիմոնեան կը նկարագրէ, թէ պատերազմի օրերուն Սահակեան, Լ. Մկրտիչեան քոլեճի սրահին մէջ գրասէր բազմութեան մը ներկայութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեանի հովանաւորութեամբ, պիտի քննարկուէր «մայրիներու արմատներ» խորագրեալ հեղինակին արձակ գործը: Նոյն առիթով տեղի պիտի ունենար նաեւ Փոլ Կիրակոսեանի նկարչական գործերուն ցուցահանդէսը: Սիմոնեան կ՛ըսէ, թէ սոյն հանդիսութիւնը կ՛ընդհատուի զինեալ բախումներու պատճառով եւ խումբ մը զինեալներ կը թալանեն վարժարանը` գողնալով գրադարանի սրահէն ամերիկեան հայագիտարանի 24 հատորները: Սիմոնեան կ՛ըսէ, թէ աստուածային հրաշքով զինեալները մուտք չէին գործած ցուցահանդէսի սրահէն ներս, որուն որմերը զարդարող Փոլ Կիրակոսեանի թանկարժէք պաստառները բարեբախտաբար մնացած էին անվթար: Սոյն գեղանկարները իրենց ներշնչումը ստացած էին Պէպօ Սիմոնեանի մայրիներու արմատներէն: Փոլ Կիրակոսեան իմանալով զինեալներու կողմէ կատարուած յիշեալ միջադէպը` կ՛ըսէ. «Հոն, ուր արուեստը կայ, Աստուած ներկայ է: Աստուած եւ արուեստ միաձոյլ են: Անոնք չեն համարձակած Աստուծոյ վախէն արուեստի տաճարէն ներս մտնել…»:
«Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին» խորագրեալ գրութեամբ հեղինակը իր արդար զայրոյթը կ՛արտայայտէ` կարդալով թրքական «Թերճիւման» թերթին հաղորդած այն տեղեկութիւնը, թէ Անգարայի համալսարանի ուսանողները արշաւ մը կազմակերպած են դէպի Արարատի գագաթը, ուր անոնք պահպանակի մը մէջ դրուած թրքական դրօշակ մը եւ Քուրան մը թաղած են 75 սմ. խորութեան մէջ: Թէ` այս նախաձեռնութեամբ, սոյն արկածախնդրութեան կազմակերպիչները, խեղաթիւրելով պատմական ճշմարտութիւնը, պիտի յայտնեն համայն աշխարհին, թէ Արարատը թրքական լեռ է, եւ թէ` Նոյի ջրհեղեղը գրուած է Քուրանին մէջ միայն եւ չունի որեւէ մէկ կապակցութիւն Աստուածաշունչին հետ:
Արդարեւ, Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» խորագրեալ արձակ գործը ազգային եւ կրօնաբարոյական ըմբռնումներու համադրոյթ մըն է, ուր հեղինակը այլազան պատահարներու կամ պարագայական հանդիպումներու միջոցով կը ցուցաբերէ մարդկային նկարագրի թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական յատկութիւնները:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Յունիս 2012
Պէյրութ

