«Ծէսը Սիրտը Կը Կազմէ Եկեղեցւոյ Գոյութեան Ու Վկայութեան». ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Վերջերս Լուէյզի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ծիսագէտներու միջազգային ընկերակցութեան չորրորդ համագումարը: վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր որպէս գլխաւոր դասախօս` յիշեալ համագումարին: Սակայն ան նախընտրեց, որ համագումարին մասնակիցները այցելեն Պիքֆայայի մայրավանքը` միաժամանակ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան:
Յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 յուլիսի առաւօտուն: Շուրջ 50 հոգիներէ բաղկացած համագումարի մասնակիցները նախ այցելեցին Պիքֆայայի մատուռը, հայ ժողովուրդի վերածննդեան յուշարձանը եւ ապա` դպրեվանք: Միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի սարկաւագները այս առիթով հոգեւոր համերգ մը պատրաստած էին:
Համագումարին ատենապետը, խօսք առնելով, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնակից դարձաւ իրենց համագումարին. միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց, որ մեր Սուրբ Աթոռը մասնակից է միջեկեղեցական շարժումին` վեհափառ հայրապետին ղեկավարութեամբ:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
ա) Ծէսը սովորական իմաստով պաշտամունք չէ, խօսքերու, արարքներու ու ձեւերու ամբողջութիւն մը չէ. ան սիրտը կը կազմէ եկեղեցւոյ, որովհետեւ եկեղեցին ծէսի ճամբով ինքզինք կ՛իրագործէ, ինքզինք կ՛ըլլայ ու ինքզինք կ՛արտայայտէ. եկեղեցին ծէսի ճամբով կը դառնայ համայնք, իր ինքնութիւնը կը հաստատէ ու մասնակից կը դառնայ աստուածային փրկագործական խորհուրդին:
բ) Պատարագը կը կազմէ առանցքը եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին: Եկեղեցին իր էութեամբ, հաղորդութեան վրայ հաստատուած համայնք է. այս կերպով եկեղեցին կը ստանայ իր վաւերականութիւնը եւ տիեզերականութիւնն ու միութիւնը` անդրանցնելով վայրն ու ժամանակը:
գ) Ծէսը աղբիւր է եկեղեցւոյ հաւատքին: Եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութիւնը, որպէս արժէքներու, սկզբունքներու ու ճշմարտութիւններու ամբողջութիւն, կ՛արտայայտուի առաւելաբար ծէսի ճամբով: Ահա թէ ինչո՛ւ ծէսը առանցքն է եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան: Եկեղեցւոյ հայրերը յատուկ կարեւորութիւն տուած են ծէսին:
դ) Քրիստոնէական ծէսը երկու հիմնական բաժանումներ ունի` Արեւելեան եւ Արեւմտեան: Արեւելեան ծէսը իր կարգին, հետեւեալ ենթաբաժանումները ունի.- Բիւզանդական, ասորական եւ աղեքսանդրիական: Արեւելեան ծէսը ընդհանրապէս շեշտը կը դնէ վերացական, անդրանձնական, վախճանաբանական երեւոյթներու վրայ: Արեւելեան ծէսը աւելի թատերական արտայայտութիւն ունի` գոյներով, ձեւերով ու շարժումներով, մինչ Արեւմտեան ծէսը աւելի պարզ է: Բնականաբար Ժողովուրդներու մշակոյթն ու շրջապատը իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ծիսական աւանդութիւններու զարգացման մէջ:
ե) Հայ եկեղեցւոյ ծէսը բնականաբար կը պատկանի Արեւելեան ծէսին, ուր հայկականին առընթեր ներկայ են բիւզանդական, ասորական ու աղեքսանդրիական ծէսերէն տարրեր: Հայկական ծէսը համապարփակ իրականութիւն մը կը պարզէ, ուր անդրանձնականն ու գոյութենականը, ներկան թէ ապագան, երկիրն ու երկինքը, բանական ու անբան արարածները ներդաշնակ գոյակցութիւն մը ունին: Հայ ծէսին մէջ նաեւ տիրական ներկայութիւն է մեր ժողովուրդին մշակոյթը, ինքնահասկացողութիւնը, անոր տառապանքն ու նահատակութիւնը:
Վերոյիշեալ կէտերուն լայնօրէն անդրադառնալէ ետք վեհափառ հայրապետը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց երեք կէտեր, որոնք միջեկեղեցական աստուածաբանութեան մէջ յաճախակի առիթներով քննարկումի նիւթ դարձած են.-
ա) Քարոզը թէ պատարագը. այլ խօսքով` խորանը թէ ամպիոնը, ինչպէս որ յաճախ կը բնորոշուի, պէտք է դառնան կեդրոնը ծէսին: վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ բողոքական եկեղեցիներ շեշտը կը դնեն Աստուծոյ խօսքին քարոզութեան վրայ: Իսկ ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներ` պատարագին վրայ: Վեհափառին համաձայն, անհրաժեշտ է, որ ծէսին այս երկու տարածքները իրարմէ չանջատուին, այլ ներդաշնակուին մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս:
բ) Ուղղափառ եկեղեցիները ընդհանրապէս նկատուած են ծիսակեդրոն` անտեսելով եկեղեցւոյ միսիոնարական դերը: Վեհափառ հայրապետը ճիշդ չնկատեց այս մօտեցումը` յայտնելով, որ ծէսը ինքնին միսիոնարական դէպք մըն է: Ծէսի ընթացքին ոչ միայն եկեղեցին կը ստանայ Քրիստոսին աշխարհ բերած փրկութիւնը, այլ` զայն աշխարհին տանելու կոչումն ու պարտաւորութիւնը:
գ) Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ եկեղեցւոյ ծէսը, առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը պէտք է նկատուին ու արժեւորուին որպէս համապարփակ մէկ ամբողջութիւն: Այսպէս եղած է հին եկեղեցւոյ եկեղեցաբանական, դաւանաբանական կամ միսիոնարական մօտեցումը:
Վեհափառ հայրապետի դասախօսութենէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան դպրեվանքին:

