«Սապահ»-ի Մէջ Ուշագրաւ Յօդուած Մը. «Մեր Հայկական Հարցը Արդար Յիշողութիւն Եւ 2015»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Սապահ» օրաթերթը վերջերս լոյս ընծայեց Էօմեր Թաշփընարի Ուաշինկթընէն յղած յօդուածը, որուն խորագիրն է` «Մեր հայկական հարցը, արդար յիշողութիւն եւ 2015»:
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտօղլու Հայկական հարցի մասին լրագրողներուն հետ խօսելու ընթացքին ըսած էր, որ պէտք ունինք «արդար յիշողութեան» մը: Նախարարը ըսած էր, որ այս մարզէն ներս պէտք է որ նոր լեզու մը զարգացնենք: «Այսօր հայերուն դիմաց չկայ նախարար մը, որ ըսէ, թէ 1915-ին ոչի՛նչ պատահեցաւ: Ես ցեղասպանութիւն բառը չեմ գործածեր, բայց եթէ մէկը գործածէ, ատիկա անոր ընտրութիւնն է: Մենք հայերու ցաւերը չենք ուրանար, ինչ որ ընել պէտք է միասին ընենք` կ՛ըսենք: Բայց կողմնակից չենք միակողմանի յայտարարութեան», ըսած էր Տաւուտօղլու:
Տաւուտօղլու յայտնած էր, որ թուրքերը գերմաններուն չեն նմանիր, մեր պատմութեան մէջ ցեղային սպանդի կամ կեթոյի հասկացողութիւն չկայ: Սխալ կ՛ըլլայ 1915-ը նացիներուն ըրածին նմանցնել:
Յօդուածագիրը գովասանքի արժանի գտած է Ահմեթ Տաւուտօղլուի այս յայտարարութիւնը, մանաւանդ որ Տաւուտօղլու այս յայտարարութիւնը ըրած է` առանց սպասելու, որ արտաքին ճնշում մը իրեն ստիպէ խօսիլ, ինչպէս կը պատահի, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը օրակարգի կը բերէ բանաձեւ, կամ Ֆրանսայի խորհրդարանը կը քուէարկէ Հայոց ցեղասպանութեան օրէնք մը:
Տաւուտօղլու խօսած է առանց արտաքին ճնշումի` ցոյց տալով, որ աշխուժ երկխօսութեան մը սկսելու ժամանակը եկած է: 1915-ը ողբերգութիւն մըն էր, բայց ատիկա միայն հայերուն համար ողբերգութիւն չէր, նոյն թուականին միլիոնաւոր թուրքեր ու մահմետականներ ալ սպանդներու ենթարկուեցան կամ իրենց հողերէն արտաքսուեցան: Ուրեմն ընդունելի չէ, որ միակողմանի յանցագործութեան յայտարարութիւն կատարուի:
Այս կէտէն անդին յօդուածագիրը կ՛ըսէ իւրայատուկ խորհրդածութիւն եւ կ՛ըսէ, որ վերի տեսակէտները Թուրքիոյ տեսանկիւնէն բաւական հասուն եւ տրամաբանական կրնան նկատուիլ, բայց դժբախտաբար այդ խօսքերը սպասուածին չափ դրական ազդեցութիւն մը պիտի չգործեն Հայաստանի ու հայկական սփիւռքին վրայ: Պատճառը պարզ է: Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին մեռած կամ սպաննուած միլիոնաւոր մահետականներուն մահուան պատասխանատու եղողները հայերը չէին: Տաւուտօղլուի խօսքերը կը նշանակեն` «Դուն ալ զիս հասկնալ ջանայ, դուն ալ բաժնէ իմ ցաւս», ասիկա անշուշտ որ կարեւոր է 1915-ի պատահարները բացատրելու նպատակով կատարելի ակադեմական աշխատանքի մը համար, բայց եթէ ակադեմական այսպիսի աշխատանքի մը նպատակը 2015-ի նախօրեակին Հայաստանի ու հայերու հետ հաշտուիլ է, այն ատեն այդ ակադեմական աշխատանքը գործ պիտի խանգարէ, պիտի նուազեցնէ իրարու ցաւը բաժնելու սրտակցութիւնը: Հայերը կը սպասեն, որ իրենց դէմ գործադրուած զուլումին ու անիրաւութեան պատճառով ներողութիւն խնդրուի, կը սպասեն, որ թուրքերը իրենց մորթին վրայ զգան հայերու տառապանքը:
Յօդուածագիր Թաշփընար այսպէս կ՛եզրակացնէ իր յօդուածը. «Անշուշտ որ մեր սիրտը պիտի ցաւի Պալքաններու, Կալիփոլիի Եմէնի մէջ մեռած թուրքերուն համար, բայց իրատես կեցուածք չէ հայերէ սպասել, որ անոնք ալ բաժնեն մեր այս ցաւը, որովհետեւ հայերն ու Հայաստան բացարձակապէս պատասխանատու չէին Կալիփոլիի, Պալքաններու կամ Եմէնի մէջ մեր ապրած ողբերգութեան մէջ:

