«Լաւագոյն Գիրքն Է, Որ Ես Երբեւէ Կը Գրեմ», Կ՛ըսէ Ցեղասպանութեան Մասին Վէպի Ամերիկահայ Հեղինակը
«ԹԵՐԹ»
Ամերիկահայ արձակագիր Քրիս Պոհճալեան իր 15-րդ գիրքի` «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպի հրապարակումէն ետք հարցազրոյց տուած է «Արմինիըն Ուիքլի»ին: Վերջինիս բնորոշմամբ, Պոհճալեան այնպիսի հեղինակ է, որ` «կը բռնէ սրտէդ եւ կը հրաժարի ձգելէն»: Իսկ այն, թէ ինչպէ՛ս ան կը հասցնէ իր գիրքը գովազդելու շրջագայութիւնը իրականացնել եւ իր մասնաւոր կեանքը վայելել, թերթին բնորոշմամբ, կիզակէտային սեռէն է:
Շաբաթաթերթին գնահատականով, ասիկա Պոհճալեանին ամենայաւակնոտ ու «անձնական» վէպն է, թերեւս անոր լաւագոյն երկն է 25 տարուան ասպարէզին ընթացքին, որ կ՛ամրապնդէ անոր դիրքը ամերիկեան գրականութեան մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան համայնապատկերին վրայ ծաւալող արկածային սիրոյ եւ սերունդներով թաղուած մնացած ընտանեկան գաղտնիքի մասին պատմութիւնը կ՛որակուի «պարտադիր ընթերցանութեան գիրք» բոլոր անոնց համար, որոնք արկածներ կը փնտռեն:
Անցեալին «Նիւ Եորք Թայմզ» ամէնէն շատ վաճառուողներու («Մանկաբարձուհիները» վէպին) հեղինակ Պոհճալեան ըսած է, որ իր նոր աշխատանքը կը նուիրուի իր զոքանչին` Սոնտրա Պելուերի եւ հօր` Արամ Պոհճալեանի յիշատակին:
Ըստ անոր, Սոնտրան իրեն ստիպած է գրել վէպը, իսկ հայրը ոգեշնչած է: Հեղինակը պատմած է, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքի ընթացքին փափաքած է Ցեղասպանութեան մասին վէպ գրել. առաջին անգամ նման փորձ ըրած է 1990-ականներուն, սակայն` անյաջող: Նոր աշխատանքը գրած է մէկ տարուան մէջ:
«Երրորդ դէմքով հանդէս եկող իմ հերոսուհիս` Լորա Պետրոսեան, իմ իսկ գեղարուեստական տարբերակս է: Միւս հերոսներուն պատմութիւնները սերտօրէն առնչութիւն ունին Տանթէի դժոխքին հետ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն էր», ըսած է գրողը:
Իր հերոսուհիին բերնով Պոհճալեան կը յիշեցնէ, որ թէեւ Եղեռնին զոհ դարձան Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող 1,5 միլիոն հայեր, շատերուն համար ատիկա կը մնայ «կոտորած, որուն մասին ոչինչ գիտեն»: Պոհճալեանի գնահատականով, մենք` հայերս, «կարօտ ենք մեր պատմութիւնը ներկայացնող վէպերու»:
Անձամբ իրեն վէպը օգնած է հասկնալ «սեփական հոգիի աշխարհագրութիւնը»:
Հեղինակին խոստովանութիւնը գիրքին վերաբերեալ այսպիսին է. «Լաւագոյն գիրքն է, որ ես երբեւէ կը գրեմ եւ` ամենակարեւորը: Սրտիս խորքին մէջ ես գիտեմ ատիկա»:
Ան ըսած է է նաեւ, որ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Թուրքիան ճանչնայ Մեծ եղեռնը:
Խօսելով Հայաստան իր այցելութեան մասին` Պոհճալեան ըսած է. «Որեւէ օտար երկրի մէջ ինծի այդքան լաւ հոգ չէին տարած, եւ ես ալ ինծի նուազ օտարական չէի զգացած»:
Քրիս Պոհճալեան հեղինակած է «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը, որ հրատարակուած է «Տապըլտէյ պուքս» միջազգային հրատարակչատան կողմէ:
Պոհճալեանի հեղինակած եօթը գիրքերը եղած են «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամէնէն շատ վաճառուած հրատարակութիւններու շարքին , եւ շատ հաւանաբար իր այս վերջին գործն ալ արժանանայ նոյն ճակատագիրին:
«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը սիրոյ պատմութեան մը վրայ կը հիւսուի` Հալէպէն Նիւ Եորք երկարող դէպքերով ու իրադարձութիւններով, սկիզբ առնելով 1915-ին եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Այս գիրքը եւս պիտի արժանանայ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ամէնէն շատ վաճառուող գրքերու ցանկը մտնելու պատիւին` առաւել միջազգային ուշադրութիւն գրաւելով, մինչեւ իսկ հնարաւոր դարձնելով զայն մեծ պաստառ հանելու` շարժապատկերի ատաղձի վերածելով:

