Խօսք` Երիտասարդութեան. Արարատին Սեւեռած Հինգ Խորաններ (27 Յուլիս, 1983)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը զիրենք սրբազան «խենթ»-եր կոչեց:
Ազգը գրկաբաց ընդունեց եւ խոնարհեցաւ անոնց վսեմ հոգիներուն ու անօրինակ քաջութեան առջեւ:
Երիտասարդութիւնը չբաւարարուեցաւ լոկ սովորական յարգանքի մատուցմամբ, աղօթքի մրմունջներ արտաբերելով, մոմի ու խունկի գուլաներ ծխելով, այլեւ` անոնց շիրմները ուխտավայրի ու կտոր մը հայրենիքի վերածելով` երդուեց հաւատարիմ մնալ անոնց ժառանգին:
Պատանեկանի իրերայաջորդ սերունդներ համակ նուիրումով եւ պաշտամունքով յիշատակեցին Լիզպոնի հինգին տարելիցները, եղան անոնց մօտ` ամէն անգամ որ ուզեցին վերանորոգել իրենց խոստումը, լեցուեցան հպարտութեամբ` ունկնդրելով անոնց պատգամները, գօտեպնդուեցան Տղոց շունչով, երբ ապրեցան լիզպոնեան խոյանքին մեծութիւնն ու գաղափարական հասունութիւնը:
Եւ այսպէս, անընդմիջաբար, պատերազմի թէ խաղաղ օրերուն, 29 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի այն աւանդը, որով յատկանշուեցաւ լիբանանահայութիւնը` իւրաքանչիւր տարուան յուլիսի 27-ին յիշատակել ու վերյիշեցնել ամբողջ մարդկութեան, թէ հայկազեան ցեղի պատկանող հինգ հարազատներ, ականջալուր իրենց նախնեաց կտակին` պայթեցուցին իրենց հրաշափառ սրտերն անգամ, յանուն Հայ դատի ու ազգային անմոռաց տենչերու իրականցման:
Իրօք, այդ վեհափառ թուականէն (1983) ի վեր, հոգեցունց պատկերներ կը յաջորդեն իրարու, մէկ կողմէ կատարուած աքթին հզօր ազդեցութեան ներքեւ, եւ միւս կողմէ` տասնամեակներէ ի վեր ժողովրդային մակարդակի ցուցաբերուած եզակի յարգանքին ու խանդաղատանքին ի տես:
Հա՞րկ է յիշեցել, թէ Լիզպոնի տղոց բարձրաթռիչ ու հոգեպինդ գործողութիւնը օրին ինչպիսի՛ ապրումներու հիմք ստեղծեց երիտասարդականի շարքերուն մէջ առհասարակ, երբ անոնց ապրումներուն լուռ խայտանքն ու ազգային գիտակցութիւնը պարուրուեցաւ վճիտ գաղափարայնութեամբ եւ հայրենապաշտութեամբ:
Կրկնե՞լ է պէտք, որ, լիզպոնեան խոյանքէն ետք հայութիւնը ապրեցաւ անհատական թէ ազգային ըմբռնումներու նորովի փայլք մը, տեսլականի ու հմայքի անսովոր հնչեղութիւն, ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ամրապնդումի առիթ, հայրենասիրութեան բարձունք մը, զոհաբերութեան աստուածային կարողութիւն, Արարատին հասնելու հայաբորբ յանձնառութիւն եւ նուիրումի ցեղային առանձնայատկութիւն:
Փաստօրէն, ժամանակի տակաւ թաւալումին առընթեր, աւելիով պայծառացան Լիզպոնի տղոց դէմքերն ու անոնց կատարած արարքին վեհութիւնը: Երիտասարդական իրերայաջորդ փաղանգներ ուխտեցին անոնց շիրիմին առջեւ` շարունակել անոնց բացած ուղին եւ տէր կանգնիլ Հայ դատին նուիրական աշխատանքներուն:
Այսուհանդերձ,
Իրենց սրբազան նահատակութենէն 29 տարի ետք իսկ, տակաւին կը հանդիպինք մեզ զարմացնող մօտեցումներու եւ հնամաշ մտքերու:
Մտքեր, որոնց հանդէպ ճիշդ չէ լուռ մնալ, անտեսել եւ կամ շրջանցել առանց հակազդող խօսքի ու անհրաժեշտ բացատրութեան:
Երբեւէ պատահա՞ծ է, որ նահատակութեան փառապսակին արժանացած Լիզպոնի հինգին մասին լսենք հեգնախառն խօսքեր, նեղմիտ արտայայտութիւններ, պառաւի բարբաջանքներ, նոյնիսկ` դատապարտանքի կեցուածքներ:
Այո՛, եւ տարբեր առիթներու: Սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ մատնանշեալներու շարքին համեմատօրէն քիչ էին ստրկացած հայ հոգիներու անուններ, աւելի շատ էին` զազիր թուրքին ու անոր պաշտպանութեան լծուած արեւմտեան հերետիկոսները:
Արդ,
Ճակատագիրի հեգնա՞նք պէտք է կոչել ի տես այն երեւոյթին, թէ վերանկախացած հայրենքի մէջ իսկ տակաւին գոյութիւն ունին հայ անհատներ, որոնց համար ցարդ Լիզպոնեան խոյանքը կը ներկայանայ ո՛չ թէ իբրեւ հայոց ազգային գուպարի աննման արարք եւ անձնուիրումի հրաշալի օրինակ, այլ տարբեր բան մը:
Յստակացնենք:
Ամիսներ առաջ, պատահականօրէն դէմ յանդիման կը գտնուէինք «Հ 1» Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան կողմէ սփռուող յայտագիրի մը, ուր ըստ երեւոյթին կ՛արծարծուէին ազգային հարցեր` պատմական դէպքերու ընդմէջէն:
Թէեւ պատկերասփռուած յայտագիրը իր աւարտին էր հասած, այդուհանդերձ կրցանք քանի մը նախադասութիւն «կորզել», ուր, ենթադրաբար հայրենի մտաւորական մը, որուն անունը ցաւ ի սիրտ չկրցայ գիտնալ, գրեթէ բառացիօրէն կ՛ըսէր հետեւեալը. «Քսանական թուականներու վրիժառական արարքները ձեւով մը արդարացուած էին, որովհետեւ զգետնուած թուրք դահճապետներուն դէմ մահավճիռ (թուրքին կողմէ) արձակուած էր: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիզպոնի գործողութեան` անիկա չունէր արդարացում»:
Այսինքն` ձեւով մը կատարուածը անտեղի էր եւ կամ սոսկ անձնասպանութիւն, ըստ անոր:
Ահաւասիկ հայ մարդու տիպի մը գոյութիւնը, որ իր կարգին զգետնուած տրամաբանութեան մը զոհն է, խայտաբղէտ զգացումներու մունետիկը, հոգեպէս աղճատուած իր կազմաւորումին պատկերը ցոլացնող:
Բարեբախտաբար, անոր մօտ էր նստած հայրենի պատմագէտ, գիտնական եւ հայաբորբ զգացումներով լիացած մտաւորական Աշոտ Մելքոնեան, որ առանց վայրկեան մը կորսնցնելու հակազդեց եւ խօսեցաւ միանշանակ Լիզպոնի տղոց սխրանքին ու անոր կարեւորութեան մասին:
Հուսկ յայտագրի աւարտ:
Խոստովանինք, որ շշմեցնող վայրկեաններ էին, որովհետեւ քաղաքամայր Երեւանի երկնակամարին տակ ու Արարատի վեհավառ հովանիին ներքեւ հինգ նահատակներու յիշատակը կ՛աղաւաղուէր:
Աւելի՛ն. ոչ միայն յուսալլկող եւ ազգային արժանապատուութիւնդ խոցող այսպէս ասած բառեր ու միտքեր էին, այլեւ` նահատակ ժողովուրդի մը էութիւնը անճիտող, ազգային ազատագրական պայքարի իրաւութիւնը հարուածող եւ ապազգայնութիւն յուշող մտմտուքներ:
Մեղա՜յ ձեզ Հայկեան ցեղի լուսադէմ տղաներ:
Այս բառերով միայն կրցանք մենք զմեզ սփոփել ու հեղ մը խղճալ բոլոր անոնց, որոնք գիտակցաբար կամ ոչ կ՛անարգէին իրենք զիրենք, կ՛անպատուէին ազգը համակ, եւ թշնամիին հաշուոյն կը դառնային երէկի վատահամբաւ անձիքը եւ այսօրուան թրքավարի միմոսները:
Ամէն պարագայի, նմանօրինակ երեւոյթներու մասին նշումները կը ծառայեն յաւելեալ զգաստութեան, կորովի, խայծի, հաւատամքի ամրապնդումին, նորովի առաջադրանքներու կենսագործումին եւ առհասարակ քարոզչական լայնածիր աշխատանքի նախանձախնդիր մօտեցումին, նոյնինքն հայրենիքին մէջ. համբերատար, լայնախոհ ու նպատակաուղղուած գործունէութեամբ թափ տալու Լիզպոնի տղոց արարքին ու զոհաբերութեան մասին առաւելագոյն տեղեկութիւնը փոխանցելու արշաւին` մահուամբ իսկ նուաճուած խոյանքին էութիւնը համայն շրջապատի մը սեփականութիւնը դարձնելու հրամայական պահանջով:
Այսօր աւելի քան երբեք, եւ հակառակ աննպաստ պայմաններուն (ներքին ու արտաքին), դաշնակցական երիտասարդութիւնը հրաւիրուած է իր ազգային ու գաղափարական աշխարհահայեացքին յանձանձումին առընթեր անյապաղ լծուիլ Լիզպոնի հինգին եւ ընդհանրապէս գործողութեան մասին պատրաստելու փաստավաւերագրական տեսերիզներ, ամբողջական հրատարակութիւններ (տարբեր լեզուներու թարգմանուած), յուշագրութիւններու պատառիկներ, կեցուածքներու տեսականի ու մանաւանդ` հայ ժողովուրդի կողմէ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին դրսեւորումները յաւերժացնող ձեռնարկներու առաւել բազմացումին եւ տարածումին:
Յայտնապէս, լիզպոնեան շունչով ու կամքով դաստիարակուած սերունդներ գիտե՛ն, գիտակից են ու պարտաւո՛ր են իրենց համոզումները առանց վարանումի յայտնել, համարձակօրէն իրենց շրջապատին փոխանցել անոնց աննման Տղոց հոգեկերտուածքին իւրայատկութիւնն ուժական ներկայութիւնը բարձրագոռ շեշտել, որպէսզի ամէն քայլափոխի ղօղանջէ անոնց սրբազան հոգիներուն պատարագը իւրաքանչիւր հայու հոգիին խորանէն:
Լիզպոնի հինգին քաղաքական հասունութեան թէ յեղափոխական տրամադրութիւններուն մասին պատկառելի գրականութիւն է մշակուած:
Անոնց համարձակ ու յանդուգն երեւումը նաեւ տեսերիզի վրայ ոչ միայն նպաստեց փարատելու սովորական ու տկլոր ակնարկները, այլեւ` ցոյց տուաւ միանշանակ անոնց ազգային մտածողութեան անառարկելի բարձրութիւնը, մարդկային բարեմասնութիւններու խոր ըմբռնումը, տարրերային խիզախութիւնն ու գերազանցապէս Արարատասէրի անոնց աշխարհահայեացքը:
Կը մնայ, հերոսածին Հինգին նահատակութեան 30-ամեակին ընդառաջ, հայրենիքի թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներ պարտին զգայացունց յիշատակի վերածել լիզպոնեան խոյանքը, արժանին մատուցելու եւ արժանահաւատօրէն լոյսին բերելու անոնց ուսմունքը:
Որպէսզի անմասն չմնայ ոչ մէկ հայորդի խոնարհելու անոնց սխրանքին ու մեծութեան առջեւ:

