Անդրադարձ. Ազատութեան Բագինին Առջեւ Ինկած Մարտիկները (Լիզպոնի Գործողութեան 29-Ամեակին Առիթով)
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանահայ յանձնառու երիտասարդութիւնը 29-րդ անգամը ըլլալով դարձեալ համախմբուած է Լիզպոնի թրքական դեսպանատան մէջ իրենք զիրենք զոհաբերած Հայ յեղափոխական բանակի հինգ մարտիկներուն Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմատան դամբարանին առջեւ: Այլապէս ալ, այսօր աշխարհասփիւռ յանձնառու հայ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կը յիշէ հայրենի ու ազգի ազատութեան բագինին առջեւ ինկած հինգ հայ երիտասարդները` Արան, Սիմոնը, Վաչէն, Սեդրակը եւ Սագոն:
Ամէն տարի հայ երիտասարդութիւնը ականջալուր կ՛ըլլայ Լիզպոնի տղոց իսկ ձայնով ուղղուող ազգային յաւերժական պատգամներուն: Այդ հինգ տղաքը տագնապեցնող մարտահրաւէրները այսօր ալ, աւելի սուր կերպով, ցցուած են մերօրեայ սփիւռքահայ երիտասարդութեան առջեւ: Այսօր ալ սփիւռքի տարածքին գոյութիւն ունին հայութեան տակաւ ուծացման, օտարացման, ազգային հարցերուն գծով անտարբերութեան խորացման երեւոյթները, որոնք օրէ օր քիչ մը աւելի կը հիւծեն ազգի մարմինը:
Բայց կայ նաեւ միւս կարեւոր հարցը, որ կը մնայ պահանջատէր հայութեան գերխնդիրը: Անիկա Հայաստանի մեծ մասին բռնագրաւուած մնալն է, հայութեան երկու երրորդին իր հայրենիքէն դուրս ապրիլը: Այսօր դարձեալ պիտի լսենք Լիզպոնի տղոց ձայնը: 29 տարուան հեռաւորութենէն մեզի պիտի պատմեն իրենց վիշտը` օտար երդիքի տակ օտարներու կողմէ իշխուած մնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքէ զերծ մնալու առումով: Պիտի խօսին իրենց վճռակամութեան մասին` պապենական հողերուն վրայ հայութեան ազատ կեանքը ապահովելու եւ ուշ կամ կանուխ Թուրքիայէն բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու իմաստով:
Այո՛, մենք այսօր դարձեալ կը լսենք Լիզպոնի տղոց յեղափոխական խօսքը` հայութեան պահանջատիրական պայքարին կառչած մնալու իմաստով: Եւ պահանջատիրական պայքարը նախ եւ առաջ կը կայանայ հայութեան բռնագրաւուած հայրենիքին ազատագրութեան եւ ազգը ամբողջացած հայրենիքի տարածքին համախմբելու մէջ:
Անտարակոյս, Հայ դատի հետապնդման պայմանի ուժական հանգրուանի ծիրին մէջ Լիզպոնի հինգ տղոց գործողութիւնը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ: Ե՛ւ զինեալ, ե՛ւ ցուցական, եւ մանաւանդ քարոզչական առումներով գործողութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ հայութեան դատը լայնօրէն ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու միջազգային մակարդակի վրայ: Այդ հանգրուանէն, ուժական պայքարի հանգրուանէն ետք էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման թափը զօրացաւ աշխարհի տարածքին: Եւ այդ երթը մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուի:
Միջազգային այդ ճանաչումը իր կարեւորութիւնը ունի Հայ դատի հետապնդման առնչութեամբ: Պայմանով որ չստուերէ հատուցման թղթածրարը` մանաւանդ հողահաւաքի, այսինքն` բռնագրաւուած հայկական հողերու ազատագրութեան իր բաժինով: 29 տարի առաջ եւ հիմա Լիզպոնի հինգ տղոց պատգամը այս իմաստով կը մնայ նոյնը: Թշնամին կը մնայ նոյնը: Հայութեան եւ Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական պայմանները` չնչին փոփոխութիւններով, կը մնայ նոյնը: Այս մարտավարութիւնը կը փոխուի պահանջին հետապնդման գծով, բայց պահանջը նոյնպէս կը մնայ նոյնը:
Միեւնոյն արիւնարբու Թուրքիան է, որ տխրահռչակ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած նախապայմաններուն միջոցով կը փորձէ օրինականացնել հայկական հողերուն բռնագրաւումը: Ցեղապաշտական սկզբունքներով կառուցուած նոյն պետական կարգ ու սարքն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի ամէն մէկ նշումի նախօրեակին ինքզինք զօրաշարժի կ՛ենթարկէ` հակակշիռի տակ առնելու համար հայութեան պահանջատիրական ձայնը: Միեւնոյն թշնամին է, որ հակառակ քաղաքակիրթի դիմագիծով ներկայանալուն, յամենայն դէպս նաեւ չի ծածկեր իր ծաւալապաշտական նկրտումները:
Այսօր Լիզպոնի հինգ տղոց ձայնն է, որ պիտի պատգամէ նորէն: Եթէ համեմատութիւն կատարելու ըլլանք մեր եւ մեր թշնամիին միջեւ, զանազան մարզերու մէջ վստահաբար Թուրքիան շատ աւելի զօրաւոր է: Զինուելով Լիզպոնի տղոց ոգիով` այսօր մենք, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կրնանք ցոյց տալ հայութեան բազուկի եւ մտքի ուժը: Այդ ոգիին կարիքը ունի հայ յանձնառու երիտասարդութիւնը, որպէսզի հայութեան պայքարը անպարտելի մնայ թշնամիին բոլոր նկրտումներուն առջեւ: Որովհետեւ ազատութեան բագինին առջեւ ինկած մարտիկներուն ոգին անպարտելի է: Մահուան յաղթող դումաններուն ոգին է:

