«Թուրքիա Սուրիոյ Հիւսիսը Քրտական Պետութեան Մը Ձեւաւորումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «24 Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը  քրտական պետութեան մը ստեղծումը Թուրքիոյ համար վտանգ կը ներկայացնէ, այդ պատճառով ալ Անգարա կարելի ամէն բան պիտի ընէ, որ Սուրիոյ մէջ քրտական պետութիւն չստեղծուի:

Ան նշած է, որ Անգարա Սուրիոյ հիւսիսը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն «ձեռքերը ծալած պիտի չհետեւի» եւ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ:

Ըստ անոր, Սուրիոյ հիւսիսը ՔԱԿ-ի կողմէ քրտական պետութեան ստեղծումը պիտի նշանակէ Թուրքիոյ համար ահաբեկչութեան սպառնալիքի մեծացում, ուստի Անգարա այդպիսի բան պիտի չարտօնէ:

«Սուրիոյ հիւսիսը քրտական պետութիւնը մենք իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի պետութիւն պիտի չընկալենք: Ատիկա պիտի ըլլայ ահաբեկչական կազմաւորում, ինչ որ Թուրքիոյ համար զգայուն նիւթ է», ըսած է Էրտողան:

Ան նշած է, որ «Թուրքիա իրաւունք ունի անհրաժեշտութեան պարագային ՔԱԿ-ի անդամները սուրիական հողերուն մէջ հալածելու»:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պիտի մեկնի Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջան` քննարկելու համար իրավիճակը:

Չորեքշաբթի օր տեղեկութիւններ տարածուած էին այն մասին, որ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող շարք մը բնակավայրեր յայտնուած են քրտական խմբակներու ձեռքը: Վերջիններս այդ վայրերուն մէջ Սուրիոյ դրօշը իջեցուցած են եւ անոր տեղ տեղակայած Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան դրօշը:

Չորեքշաբթի օր Ահմեթ Տաւութօղլու դարձեալ անդրադարձած է Սուրիոյ իրավիճակին ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հասցէին մեղադրանքներ հնչեցուցած:

«Սուրիոյ մէջ մեզի համար միայն մէկ ճամբայ կայ` մեր սուրիացի եղբայրներուն աջակցիլը: Եթէ մենք մեր շրջանին տէր պիտի չկանգնինք, ապա քաղաքականութեամբ զբաղիլը որեւէ արժէք չունի», ընդգծած է Տաւութօղլու:

Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան
Խորհուրդը
Կը Քննարկէ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի օր Էրտողանի նախագահութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ կար Սուրիոյ հարցը: 1999 թուականէն ասդին առաջին անգամ  ըլլալով պաշտօնապէս հաղորդուած է, որ Սուրիա եւս երկիր մըն է, ուր կը գործէ ՔԱԿ-ը: Ժողովի ընթացքին պատրաստուեցաւ այն ճամբու քարտէսը, որուն Թուրքիա պիտի հետեւի սուրիական հարցին մէջ: Թուրքիա ՔԱԿ-ի հետ նոյն նժարին մէջ կը դնէ Սուրիոյ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, որ հիմա կը տիրապետէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ եւ որ գաղափարական կապեր ունի ՔԱԿ-ի հետ:

Հաղորդուեցաւ, որ կառավարութիւնը չի կրնար անտեսել Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի ներկայութիւնը: Պաշշար Ասատ այժմ ՔԱԿ-ը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ խաղաքարտ կը գործածէ: Նոյն սխալը գործած էր անոր հայրը` Հաֆեզ Ասատ, որ Ապտիւլլա Օճալանին Սուրիոյ մէջ ապաստան տուած էր:

Share this Article
CATEGORIES