Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Պիտի Գտնուի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Բրիտանիա:
27 յուլիսին նախագահը ներկայ պիտի գտնուի 2012 թուականի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը պիտի մասնակցի նաեւ Անգլիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին անունով տրուող ընդունելութեան:
Աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ պիտի մասնակցի բրիտանահայ համայնքի, եկեղեցական խորհուրդի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ գրասենեակին կողմէ կազմակերպուելիք ընդունելութիւններուն:
CATEGORIES Հայկական

