Խմբագրական. Ինքնագերազանցումի Յուշարարը

Լիզպոնի գերագոյն անձնազոհութեան անվիճելի նպատակը Հայ դատի ամբողջականութիւնն էր: Տարբեր խօսքով` Ցեղասպանութեան ճանաչումը, լռութեան պատի քանդումը, միջազգային հանրային կարծիքի կեդրոնացումը հայկական հարցին վրայ, հողային պահանջատիրութիւնը: Անձնազոհութեան նշաձողի բարձրագոյն եզրագիծն էր Լիզպոնը, որուն աննախադէպ շրջանցումը կատարեցին Լիզպոնի հերոսները շատ հանգիստ, վճռակամ, անդառնալի եւ անտեղիտալի կամքով: Ուժանակներու կոճակի հաստատ սեղմումները, ինքնապայթեցման հաւաքական որոշումները, թշնամիին եւ համայն աշխարհին պարտադրեցին հաշուի նստիլ պահանջատէր ժողովուրդի մը երիտասարդ փաղանգին հետ, որուն ներկայացուցիչները գաղափարականութեան անգերազանցելի կենդանի օրինակներու փաստերը հանդիսացան:

Լիզպոնի խորհուրդին այժմէականութիւնը անվիճարկելի է: Հայ դատի ամբողջականութեան եւ իւրաքանչիւր ճակատի ու աշխատանքային մարզի հետ կապուած երեւոյթի, իրադարձութեան, համաձայնագիրի եւ յայտարարութեան հետ անմիջական առնչութիւն գոյութիւն ունի Հայ դատի ամբողջական հասկացողութիւնը լուսաւորող Լիզպոնի սխրանքին հետ:

Այսպէս. Լիզպոնը կը թելադրէ հզօրացնել Հայ դատի աշխատանքներու անփոխարինելի երաշխիքը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Ցեղասպանութեան ճանաչումին առընթեր աշխատանք կեդրոնացնել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին, հետապնդել ջաւախահայութեան իրաւունքներու պահպանումն ու առաջադրել Ջաւախքի ինքնավարութիւնը: Պատրաստել ցեղասպանութեան հատուցումի իրաւական թղթածրարը եւ անդուլ ու անդադար հետապնդել Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումն ու հայոց իրաւունքներու վերականգնումը: Հողային պահանջատիրութեան բարձրաձայնումով վերարծարծել Սեւրի դաշնագիրի պայմաններն ու ուիլսընեան իրաւարարութեան իրաւական անժամանցելիութիւնը: Գիտակցիլ հայրենամերձ գաղութներու պահպանման` իբրեւ Հայ դատի բազմաճակատ պայքարին զինուորագրեալներ հասցնող իւրայատուկ միջավայրեր: Նման միջավայրերու եւ հնոցներու մէջ էր, որ կազմաւորուեցան Լիզպոնի հերոսները, որոնց գերմարդկային անձնազոհութիւնը ազգային խոր դաստիարակութեան, միջավայրի իւրայատկութեան արդիւնք էր անկասկած:

Քաղաքական, քարոզչական եւ բոլոր տեսակի մարզերու համապատասխան մարդուժի պատրաստութեան միջավայրերը կարեւոր են ամբողջական Հայ դատի աշխատանքներուն աւելի արհեստավարժ աշխատանքի ապահովման համար: Հակառակորդ ճակատները` շուտով 80 միլիոն թուրքերով եւ 10 միլիոն ազրպէյճանցիներով շրջափակած են  Հայ դատի կարեւորագոյն կռուանը: Լիզպոնը կը թելադրէ ինքնագերազանցումով մէկտեղել ճիգերը, աշխատիլ նպատակաուղղուած, ռազմավարական հեռանկարներով, թիրախաւորուած աշխատելաոճերով: Բայց նաեւ արհեստավարժ մարդուժով, ժամանակակից պայմաններու լիակատար ընկալումով եւ համապատասխան պատրաստուածութեամբ, հայրենիք-սփիւռք դերերու բաշխումով եւ համակարգաւորումով: Չեղեալ համարելով Երեւան-Անգարա արձանագրութիւնները, կայացնելով իրաւական պետութիւնը, ամուր ու կանոնակարգուած յարաբերութիւններու հիման վրայ տեղադրելով պետական եւ սփիւռքեան կառոյցները: Ներհայկական ճեղքերը աղիւսելով եւ թշնամիներուն սադրանքները չէզոքացնելով:

Հայ դատի ժամանակակից յղացքներուն հետ սերտօրէն կ՛առնչուի Լիզպոնը: Համազգային գաղափարախօսութիւնը, հայկական աշխարհն ու համահայկական հասարակութիւնը անյետաձգելի առաջադրանքներ են, որոնք Լիզպոնի խորհուրդներուն ընդառաջ բոլորին աշխատանքին կեդրոնացումը կը պահանջեն:

Հայկական աշխարհը` թշնամիներով շրջափակուած երկիրն է, միջազգային ճանաչում չունեցող Արցախն է, իրաւունքները ոտնակոխուած Ջաւախքն է, հայաթափուած Նախիջեւանն է, հայրենամերձ գաղութներու տագնապահար վիճակն է, դասական սփիւռքի ձուլումն է եւ նոր սփիւռքի անկազմակերպ իրավիճակն է: Ինքնագերազանցման հաւաքական ու համակարգեալ աշխատանքներն են, որոնք նման պայմաններու մէջ արդիւնք ձեռք կը ձգեն:

1983-ին չճանչցուած ցեղասպանութիւն էր, խուլ ականջներ էին, դժուար հասանելի միջազգային ատեաններ եւ լռութեան պատեր: Լիզպոնեան ինքնագերազանցումը քանդեց լռութեան պատը, ճանչցուց Ցեղասպանութիւնը, հասաւ միջազգային ատեաններ եւ ձեռք ձգեց բանաձեւեր:

Այն ժամանակ չունէինք անկախ հանրապետութիւն, անկախ պետութիւն: Լիզպոնը կը յուշէ մեր հետագայ պահանջատիրական բոլոր աշխատանքներուն արդիւնաւէտութեան համար հզօրացնել մեր անկախ հանրապետութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES