ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԲԱՆԱՁԵՒ ՈՐԴԵԳՐԱԾ Է

«Քաւքազնիւզ.ինֆօ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը չորեքշաբթի օր 130 թեր եւ 8 դէմ քուէներով որդեգրած է Վրաստանի վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ դրական կը գնահատէ վերջին շրջանին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները. անոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին երկրին մէջ քաղաքական իրադրութեան, մայիս 2010-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անկախութիւնը եւ իշխանութիւններուն կ՛առաջարկէ ուսումնասիրել բոլոր քաղաքներուն, բայց մանաւանդ մեծ քաղաքներուն մէջ քաղաքապետի ուղիղ ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւնը:

Փաստաթուղթը կ՛անդրադառնայ նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ կը պահանջէ բարելաւել ազգային փոքրամասնութիւններու կրթութեան համակարգը, առաւել աշխուժ ազգային փոքրամասնութիւնները ընդգրկել երկրի հասարակական կեանքին մէջ:

Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ վաւերացնելու շրջանային լեզուներու կամ փոքրամասնութիւններու լեզուներու եւրոպական ուխտը, ինչպէս նաեւ կրօնի մասին որդեգրել օրէնք մը, որ կ՛ապահովէ բոլոր դաւանանքներուն իրաւական կարգավիճակը եւ պաշտպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES