ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ՋՆՋԵԼ

Պահրէյնեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտարարած է, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները պահանջած են «ջնջել» 10-11 մայիսին Պաղտատի մէջ նախատեսուած արաբական վեհաժողովը:

Նշենք, որ Պահրէյնի զարգացումներուն լոյսին տակ Ծոցի արաբական երկիրներուն եւ Իրաքի միջեւ լարուածութիւն մը յառաջացած էր: Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի 19 մարտին Պաղտատի մէջ հաւաքի մը ընթացքին Պահրէյնի դէպքերուն հարցով Ծոցի երկիրներուն դէմ արտայայտուած էր, իսկ 26 մարտին յայտարարած էր. «Պահրէյնը Լիպիայէն ու Եգիպտոսէն տարբեր է, եւ հարցը սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ տագնապի վերածուած է, իսկ սիւննի նկատուող երկիրներուն ի նպաստ Պահրէյնի սիւննի կառավարութեան միջամտելը շիիները դրաւ կացութեան մը առջեւ, կարծէք շիիներու դէմ սիւննիական զօրաշարժ տեղի կ՛ունենայ»:

Մալիքի զգուշացուց, որ «շրջանը կրնայ յարանուանական պատերազմի մղուիլ եւ յարանուանական լարուածութիւնը կրնայ հրահրուիլ»:

Share this Article
CATEGORIES