5 Միլիոն Եւրօ` Արդիւնքի Կրկնութեան Պարագային

Պունտըսլիկայի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտի պատասխանատուները խոստացան իրենց ֆութպոլիստներուն վճարել ընդհանուր առմամբ 5 միլիոն եւրօ պարգեւավճար, եթէ մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի խումբը յաջողի նախորդ տարեշրջանի արդիւնքը 2012-2013 տարեշրջանին ալ կրկնել, այսինքն` հանդիսանալ Գերմանիոյ տիտղոսակիր եւ բաժակակիր, կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:

Տորթմունտի տնօրէն Միքայէլ Եորք ըսաւ, որ ինչպէս բնական երեւոյթ մըն է, որ տիտղոսներու նուաճումին համար ոչ թէ տուգանք կու տան, այլ` պարգեւատրում կը կատարեն, մենք ալ կ՛ուզենք նոյնը ընել մեր մարզիկներուն:

Share this Article
CATEGORIES