Պրազիլցի Միջնապահ Օսքար Միացաւ Չելսիի
Չելսիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պրազիլցի միջնապահ Օսքար միացաւ խումբին: 20 տարեկան Օսքար, որ Պրազիլի ֆութպոլի խումբին հետ կը մասնակցի Լոնտոն 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն, նախապէս մաս կը կազմէր Ինթերնասիոնալի (Պրազիլ):
Անոր փոխանցման մասին մանրամասնութիւններ չտրուեցան, սակայն ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցումը արժեց շուրջ 39 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ մարզիկին ամբողջական անունն է Օսքար Տոս Սանթոս Էմպոապա Ժունիոր:
Նախքան անոր փոխանցումը, Չելսի իր կազմին միացուց պելճիքացի Էտեն Հազարտը (Լիլէն) եւ գերմանացի Մարքօ Մարինը (Վերտըր Պրեմընէն):
CATEGORIES Մարզական

