Ուզպեքական Ֆութպոլ. Խորէն Յովհաննիսեանի Խումբը Պարտուեցաւ
Ուզպեքիստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Խորէն Յովհաննիսեանի կազմը` Լոքոմոթիւ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պուխարայէն, կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:
Սակայն, Յովհաննիսեանի կազմը կրնայ երեք օր ետք դարձի մրցումին իր դաշտին վրայ եւ Թաշքենտի մէջ լաւ արդիւնք արձանագրելով փորձել ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ Լոքոմոթիւի մաս կը կազմեն Խորէնի զաւակը` Ժորա, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ Ռոմիկ Խաչատրեան:
CATEGORIES Մարզական

