Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Իր Կազմին Միացուց Երեք Ֆութպոլիստ

Իր լուրը քաղելով Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութենէն` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Փիւնիկ Երեւան իր կազմին միացուց երեք ֆութպոլիստ:

Արթուր Եդիգարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ է եւ վերջերս մաս կը կազմէր Խիմքիի, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:

Փիւնիկի հետ պայմանագիրներ ստորագրեցին նաեւ բերդապահ Տիգրան Քանթիքեան եւ վրացահայ 19 տարեկան միջնապահ Էրիք Եղիազարեան:

Մակեդոնիոյ մէջ մեծցած Քանթիքեան Փիւնիկին միացաւ իբրեւ ազատ մարզիկ: Ան նախապէս եղած է Մակեդոնիոյ 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն խմբապետը:

Ինչ կը վերաբերի Եղիազարեանի, որ իր կարգին իբրեւ ազատ մարզիկ միացաւ Փիւնիկի, նախապէս մաս կը կազմէր վրացական Սասքօ խումբին:

 

Share this Article
CATEGORIES