Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին սպանութեան թիրախ դարձնելու այլ ծրագիր մը եւս բացայայտուած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պըրրի ապահովական պատճառներով բացակայած է նախագահական պալատին մէջ սարքուած իֆթարէն:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Աքքարի մէջ հաւաքուած են տարբեր քաղաքացիութիւններ կրող ահաբեկիչներու խմբաւորումներ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի սահմաններէն մուտք կը գործեն Սուրիա:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ մեծամասնութիւնը կազմող ուժեր «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը գրեթէ լուծուած է` աւելցնելով, որ կը սպասուի այդ հարցին լուծումը յայտարարելու յարմար ելքին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, եւրոպացիները կը սպասեն Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն դէմ գործուած պայթումին հետաքննութեան արդիւնքներուն, որպէսզի անոր հիման վրայ կարենան վերջնական որոշում տալ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասելու կամ չդասելու առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Հըզպալլա իր զէնքը ոչ մէկ արաբի դէմ պիտի բարձրացնէ եւ Սուրիոյ մէջ ներքին որեւէ տագնապի միջամուխ պիտի չըլլայ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Պքերքէի յանձնախումբին կողմէ մշակուող ընտրական օրէնքը գրեթէ հասած է իր աւարտին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան կասեցումը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ ինք պոյքոթի ենթարկած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի իֆթարի հրաւէրը, Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակին դէմ նախագահին արտայայտած կեցուածքին պատճառով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային պիտի սկսի իր խորհրդակցութիւններուն` Ազգային երկխօսութեան նիստը վերաշխուժացնելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հարց տուաւ, թէ ի՞նչ իմաստ ունի երկխօսութիւնը, եթէ Հըզպալլա կը շարունակէ մերժել Լիբանանի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը:

ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ քաղաքական ուժերու ղեկավար մը անհրաժեշտ կը տեսնէ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի պաշտօնազրկումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, երեսփոխան Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու մերժումը առիթ կու տայ ոճրագործներուն` վերսկսելու սպանութիւններ գործելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ «ինքզինք զանց կացուցող» Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է դատավարութեան ենթարկուի գերագոյն դաւաճանութեան յանցանքին համար:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ սիւննիական շրջանակներուն մէջ իրենք տկար չեն, «ընդհակառակն` այսօրուան դրութեամբ մեր կացութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան ինչ որ էր անցեալին», ըսաւ ան:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կ՛ուղղուի վաւերացնելու պետական մարզին վերաբերող բոլոր յաւելումները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Զիատ Ապս շեշտեց, որ Էշրեֆիէի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան ցոյցը խորհրդանշական էր` աւելցնելով, որ անոր նպատակը Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հետ բախումներ ստեղծել չէր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տարեկան դրութեամբ երկու միլիառ տոլարի մսխում կ՛արձանագրուի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան հարցերը փշոտ են, ճիւղաւորուած եւ երկարատեւ` աւելցնելով, որ այդ հարցերուն լուծումը շուտով կարելի պիտի չըլլայ ապահովել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ Էշրեֆիէի բնակարաններէն մէկուն մէջ քոքայինի գործածութեամբ ամբաստանուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապի Խաթեր շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անկարելին չեն պահանջած Ազգային երկխօսութեան նիստին վերադառնալու համար: Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ սուրիական ոտնձգութիւնները:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերուն յանձնուած են հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ամբողջական տեղեկութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ այս հանգրուանին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր հանդիպումը աննախատեսելի է:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES