«Մաարիվ». «Իսրայէլ Մտահոգ Է Հըզպալլայի Մօտ Գտնուող Հակաօդային Զէնքերով»

Իսրայէլեան «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ակնարկելով վերահաստատած է, որ Իսրայէլ ոչ մէկ ատեն կամ պարագայի պիտի ընդունի, որ Սուրիա Հըզպալլայի յանձնէ արդիական զէնքեր: Ան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ անոր վարչակազմին տապալման ժամանակը մօտալուտ է:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ապահովական աղբիւրներ շեշտեցին, որ Միացեալ Նահանգներ հարց պիտի չունենան, եթէ Իսրայէլ զինուորական ուղղակի հարուած մը հասցնէ Սուրիոյ` վերջինիս քիմիական զէնքերը փճացնելու նպատակով, որովհետեւ այդ հարուածը պիտի արգիլէ այդ զէնքերուն Հըզպալլային յանձնումը:

Պարաք շեշտեց, որ Իսրայէլի համար հիմնական մտահոգութիւն է նաեւ Հըզպալլայի մօտ գտնուող հակաօդային համակարգը:

Share this Article
CATEGORIES