Սենտիքայական Աշխատանքը Համակարգող Խորհուրդը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ժրայսաթիի Հետ

Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուսուցիչներու եւ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ նշեց, որ խորհուրդին կողմէ նախարարներուն հետ կատարուած հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ նախանցեալ օր հանդիպում մը կատարուած է կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի, իսկ երէկ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի հետ: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենան նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ:

Ղարիպ շեշտեց, որ իրենք որոշած են իրենց եւ կառավարութեան միջեւ մագլցողական քայլերուն վերջ տալ եւ լուծման մասին խորհրդակցիլ:

«Մեր նպատակը կառավարութիւնը տապալել չէ, այլ` մեր պահանջները իրագործել եւ բոլոր մարզերուն իրաւունքները անխտիր պաշտպանել», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ հաստատեց, որ խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը յառաջիկայ երկուշաբթի օր հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի հետ` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին կարելի ըլլայ բոլորին արդար պահանջները գործադրող լուծումներու յանգիլ, ապա այդ լուծումը արժանանայ կառավարութեան վաւերացումին:

Share this Article
CATEGORIES