Տաւութօղլու. «Լիբանանի Կացութիւնը Դիւրաբեկ Է, Իսկ Առեւանգուող Լիբանանցիները Լաւ Վիճակի Մէջ Են»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայութեան անդրադարձած է առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին վերաբերող հարցերուն եւ երկու ամիսներէ ի վեր զանոնք ազատ արձակելու նպատակով ի գործ դրուող թրքական ջանքերուն:
«Անգարա մնայուն կերպով ճնշում կը բանեցնէ լիբանանցիները առեւանգող ընդդիմադիր սուրիացիներուն վրայ, սակայն անոնք կը մերժեն զանոնք ազատ արձակել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք Սուրիոյ իսկական ընդդիմութեան մաս չեն կազմեր», ըսաւ Տաւութօղլու:
Ան շեշտեց, որ այս պատճառով է, որ թուրք պատասխանատուները նախագահ Սլէյմանէն խնդրած են, որ առեւանգեալ լիբանանցիներուն ընտանիքներէն խնդրէ համբերատար ըլլալ:
Տաւութօղլու շեշտած է, որ առեւանգուած 11 լիբանանցիները լաւ վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները երաշխիքներ ստացած են, որ անոնք ոչ մէկ վտանգի պիտի ենթարկուին:

