Մունիեսա Վեց Ամիսով Պիտի Բացակայի
Պարսելոնայի յետսապահ Մարք Մունիեսա, որ սկզբունքով երիտասարդներու խումբէն պիտի միանար հիմնական կազմին, վեց ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն:
20 տարեկան կեդրոնի յետսապահը քանի մը օր առաջ Համպուրկի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Ժերար Տէօլոֆէոյի եւ Տենի Ալվեսի նշանակած կոլերուն, վիրաւորուեցաւ:
Այս յաղթանակը կարեւոր նկատուեցաւ Պարսելոնայի նոր մարզիչ Թիթօ Վիլանովայի համար, որ կատարեց իր առաջին մրցումը:
Նշենք, որ ան նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի օգնականն էր:
CATEGORIES Մարզական

