Քափելլօ Պաշտօնապէս Դարձաւ Ռուսիոյ Մարզիչ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ պաշտօնապէս դարձաւ Ռուսիոյ մարզիչ, երբ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
66 տարեկան իտալացին, որ նախորդ փետրուարին լքեց Անգլիան, յաջորդեց հոլանտացի Տիք Ատվոքաթի, որ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ձախող արդիւնքներ արձանագրեց իր խումբին հետ:
Թէեւ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ անոր գանձելիք գումարին մասին, սակայն ըստ ռուսական մամուլին, ան տարեկան պիտի գանձէ 10 միլիոն եւրօ:
Անոր մարզիչ նշանակումէն անմիջապէս ետք, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործող ժամանակաւոր նախագահ Նիքիթա Սիմոնեան (85 տարեկան) ըսաւ, որ բոլորն ալ կը մնան յուսալից, որովհետեւ կը հաւատան, որ Քափելլօ մեծ յաջողութիւն պիտի գտնէ Ռուսիոյ հետ:
CATEGORIES Մարզական


