Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Կրան Փրիի Միջազգային Մրցաշարք. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան Կրկնեցին Իրենց Արձանագրած Արդիւնքները

Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի աղջկանց կրան փրիի միջազգային մրցաշարքի 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները կրկնեցին իրենց արձանագրած արդիւնքները:

Այսինքն, սովորականին նման Էլենա Դանիէլեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց,  մինչ Լիլիթ Մկրտչեան` պարտուեցաւ:

Իրականութեան մէջ պէտք է ըսել, որ անոնց արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ տպաւորիչ չեն, որովհետեւ Դանիէլեան 4.5 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, մինչ Մկրտչեան 4 կէտով` 9-րդ դիրքը (12 մասնակցողներուն մէջ):

Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Եիֆան Հու (Չինաստան), որ այսօր 11-րդ եւ վերջին հանգրուանին պիտի մրցի Քաթերինա Լահնոյի դէմ (Ուքրանիա 5-րդ):

Այսօր Դանիէլեանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Պաթքույակ Մունկունթուլ (Մոնկոլիա, 12-րդ), իսկ Մկրտչեանի մրցակիցը` Նինօ Քուրթիծէ (Վրաստան, 10-րդ):

 

Share this Article
CATEGORIES