Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Այսօր Եւ Վաղը` Արզի 21-րդ Ռելին
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենայ Արզի 21-րդ ռելին` մասնակցութեամբ 25 ինքնաշարժներու, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ թիւ մը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս ռելիին ազդանշանը պիտի տրուի այսօր` շաբաթ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին Պաթրունի հրապարակէն: Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 283 քմ:
Ապա, կիրակի առաւօտուն ժամը 8:30-ին, Արզի մէջ գտնուող «Սետրիւս» պանդոկին առջեւէն վարորդները պիտի սկսին իրենց մրցումին` կատարելու համար 9 հանգրուանի մրցումները:
Կը կարծուի, որ առաջին ինքնաշարժը մեկնարկի տրուած վայրը ժամանէ ժամը 17:00-ին, որմէ ժամեր ետք պիտի յայտարարուին պաշտօնական արդիւնքները:
Նշենք, որ երէկ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցան մասնակցող ինքնաշարժներուն քննութիւնները:
Նշենք, որ այդ 25 վարորդներուն կարգին են ոչ լիբանանցիներ ալ, որոնց շարքին` Մըսֆեր Մըրի (Քաթար) եւ Ֆետի Համատէ (Սուրիա), ինչպէս նաեւ օգնական վարորդ ֆրանսացի Քեթի Տիւրուսօ:
Կայ նաեւ լիբանանահայ վարորդ մըն ալ` Կարօ Յարութիւնեան, որ կը մասնակցի «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-9»-ով:


