Երէկ Տեղի Ունեցաւ 2012-Ի Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերուն Բացման Հանդիսութիւնը
Ներկայութեամբ` Անգլիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին (86 տարեկան), երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ 2012-ի Լոնտոնի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն բացման հանդիսութիւնը` երեք ժամ տեւած գեղարուեստական յայտագիրէ մը ետք:
17 օրերու վրայ երկարող այս ողիմպիականին 204 երկիրներէ ժամանած 16 հազար աթլեթներ պիտի մրցին 26 մարզաձեւերու մէջ` իրենց ամէն կարելին ընելով տիրանալու մետալի, ինչ տեսակի որ ալ ըլլայ անիկա:
Կ՛ակնկալուի եւ փափաքելի է, որ այս ողիմպիական խաղերուն մետալակիր դառնան նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի մարզիկները եւ կամ հայկական ազգանուն կրող մարզիկները:
Լոնտոն – 2012. Ողիմպիական Խաղերը
Պաշտօնապէս Բացուած Յայտարարուեցան`
Երեք Ժամ Տեւած Գեղարուեստական Յայտագիրէ Մը Ետք
Երէկ` ուրբաթ, 27 յուլիսին, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 12 օգոստոս, երբ տեղի ունենայ պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը:
Երեք ժամ տեւած երէկուան գեղարուեստական յայտագիրին կիրարկուեցան տարբեր տեսակի պարեր, երգեր, եւ այլն, որոնք խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին հանդիսատեսներուն մօտ:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էր Անգլիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, այլ երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Տողանցեցին մասնակցող բոլոր երկիրներու մարզիկները, որոնց կարգին` Հայաստանի պատուիրակութիւնը, առաջնորդութեամբ թեքուանտոյիստ Արման Երեմեանի, որ բռնած էր Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը:
Բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Հայաստան եւս բնականաբար բացման այս հանդիսութեան մասնակցեցաւ ոչ լրիւ կազմով` նկատի ունենալով, որ կան մարզիկներ, որոնց մրցաշարքերը աւելի ուշ պիտի սկսին եւ անոնք ցարդ չեն ժամանած Լոնտոն:
Այս ողիմպիական խաղերուն ընթացքին 16 հազար աթլեթներ, ժամանած` 204 երկիրներէ, պիտի պայքարին 302 մետալներու համար, 26 տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ:
Եթէ դաշտին մէջ գտնուող 60 հազար հանդիսատեսները դիտեցին բացման այս հանդիսութիւնը, անդին միլիոնաւոր մարդիկ անոր հետեւեցան պատկերասփիւռի կայաններէն` ըմբոշխնելով անոր լաւապէս կիրարկուած յայտագիրը:
Կ՛ակնկալուի, որ բոլոր աթլեթները տան իրենց առաւելագոյնը եւ իրենց երկիրներուն մետալներ ապահովեն` առանց խթանիչ դեղեր գործածելու:



