«Հարկ Է Զօրավիգ Կանգնիլ Սուրիոյ Հայութեան». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ յատուկ հոգածութեամբ ու գնահատանքով կը հետեւի անոնց աշխատանքներուն: Իմանալով կարգ մը ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրեց Ազգ. Առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը: «Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է` մեկնելով մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն: Լիբանանի հայութիւնը մնաց կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականութեան: Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը: Արդ, զգացական արտայայտութիւններ ունենալու կամ թելադրութիւններ կատարելու ժամանակը չէ: Հարկ է գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը թելադրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու Սուրիոյ ազգային վարժարաններուն համար, յատկապէս նախկին սուրիահայերէն:

Share this Article
CATEGORIES