50 Տարի Առաջ ( 30 Յուլիս 1962 )

Հայ Կեանք

Կարեւոր Կտակ Մը Պոլսոյ Հիւանդանոցին

Տոքթ. Հայկ Եղիազարեան Իր Մէկ Կալուածը
Կը Նուիրէ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցին

Պոլսոյ թերթերուն մէջ կը կարդանք.-

Հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ ծանօթ ատամնաբուժ տոքթ. Հայկ Եղիազարեան Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հանդէպ իր համակրանքը յայտնած է հաստատութեան նուիրելով իր կարեւոր մէկ կալուածը: Այս առթիւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը հրատարակութեան յանձնած է հետեւեալ շնորհակալական գիրը.

Հոգաբարձութիւնս խորին շնորհակալութեամբ կը յայտնէ, թէ տոքթ. ատամնաբուժ Հայկ Եղիազարեան իր նախապէս հիւանդանոցին կատարած դրամական մեծագումար նուիրատուութիւններէն անջատաբար, այս անգամ եւս գթութեան յարկին կը կտակէ Պէյօղլու Թաքսիմի յայտնի մէկ շրջանին մէջ գտնուող իր կարեւոր մէկ անշարժ կալուածը:

«Բազմահարիւր պատսպարեալներու անուամբ հոգաբարձութիւնս կրկին եւ կրկին իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ իրեն»:

 

Թուրք Փոխտնօրէններ Թուրքիոյ
Հայ Վարժարաններուն Համար

«Մարմարա»-ի մէջ (21 յուլիս) կը կարդանք.-

Փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող թուրք փոխ տնօրէնի դրութեան վերջ տրուած էր 1949-ին: Այդ դրութիւնը վերստին գործադրութեան դրուած է:

Այսպիսով եօթներորդ Ազգային կրթական խորհուրդին մէկ որոշումն է, որ գործադրութեան կը դրուի, քանի որ խորհուրդը տուած էր նման որոշում մը, այն պատճառաբանութեամբ, թէ փոքրամասնութեան վարժարանները մանաւանդ վարչական լաւ գործունէութիւն ցոյց չեն տար:

Նախարարութեան այս որոշումը առ այժմ պիտի գործադրուի փոքրամասնութեանց միջնակարգ վարժարաններուն մէջ: Կրթական տնօրէնութիւնը թրքերէն եւ մշակոյթի ուսուցիչներուն մէջէն պիտի ընտրէ փոխտնօրէնները, որոնց պարտականութիւնը ճշդուած է առանձնապէս:

Համաձայն անոր, փոխ տնօրէնները պիտի հսկեն թրքերէն եւ մշակոյթի դասաւանդութեան եղանակին վրայ եւ վարժարանի ընդհանուր յայտագրին համաձայն, զարկ պիտի տան այդ դասերուն եւ վարժարաններուն տնօրէններու հետ առաջին աստիճանի վրայ պատասխանատու պիտի նկատուին:

Անոնք վարչական գետնի վրայ ալ տնօրէններուն պիտի օգնեն:

 

Խանասորի Արշաւանքին Տարեդարձը
Այնճարի
Մէջ

Խանասորի արշաւանքին 65-րդ տարեդարձը կիրակի, 29 յուլիս, մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ Այնճարի դալարագեղ պուրակին մէջ:

Գեղեցիկ աւանդութեամբ մը, Լիբանանի շրջանի բոլոր պատանեկան միութիւնները ամէն տարի, Խանասորի արշաւանքի տօնակատարութեան առթիւ, կը ժամադրուին Այնճար` ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ ոգեկոչելու համար Խանասորի հերոսներուն յիշատակը: Այս տարի եւս ոգեւորութիւնը աննկարագրելի էր պատանեկան շարքերէն ներս` իրենց մարզախաղերով ու երգերով:

Կէսօրէ ետք, ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ տարեդարձի տօնակատարութեան պաշտօնական հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի:

Բանախօսեց Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Երկուքն ալ շեշտեցին Խանասորի արշաւանքին պատմական նշանակութիւնը եւ այդ արշաւանքէն ետք հայ կեանքին մէջ յառաջ եկած հոգեփոխութիւնը:

Եղան արտասանութիւններ, երգ եւ նուագ:

Երեկոյեան, պատանիները բաժնուեցան նոյն խանդավառութեամբ, ժամադրուելով յաջորդ տարուան:

 

Ժողովրդային Տան Պարանցիկը
Օթել Մուքարզելի Մէջ

Այս տարի բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց քաղաքի ժողովրդային տան վարչութեան կազմակերպած պարանցիկը, որ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ Պուա տը Պուլոնէի «Մուքարզել» պանդոկին մէջ:

Ներկայ գտնուեցան եւ մինչեւ վերջ ընդհանուր խանդավառութեան մասնակից դարձան պետական երեսփոխաններ մեթր Վարդգէս Շամլեան, որ պարանցիկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր, Սուրէն Խանամիրեան եւ զօր. Ժեմիլ Լահուտ:

Ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ պարանցիկը տեւեց մինչեւ ժամը երեք:

Եղան աղջիկներու վայելչութեան մրցում եւ վիճակահանութիւն:

Share this Article
CATEGORIES