Ջղաբանական Ազդեցութիւններ. Ի՞նչ Է Նոսեպոյի Ազդեցութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՈՄԱՆՑ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ` ՆՈՅՆԻՍԿ ԴԵՂԻ ՄԸ ԿՈՂՄՆԱԿԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆՇՈՒՄԸ ԲԱՒԱՐԱՐ Է, ՈՐ ԱՆՈՆՔ ԶԳԱՆ ԱՆՈՐ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ: «ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ԳՐԷ ԳԻՏԱԿԱՆ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ.

Ի՞նչ կարելի է ըսել, երբ բոլորովին անվնաս դեղ մը կը հիւանդացնէ մեզ, երբ միայն իբրեւ դեղ տրուած շաքարի կտոր մը սիրտխառնուք կը պատճառէ, կամ լաքթոզի կեղծ դեղահատ մը պատճառ կը դառնայ ստամոքսի խանգարումներու` այն անձերուն քով, որոնք չեն հանդուրժեր այս նիւթը իրենց ստամոքսին մէջ:

Դեղերու եւ ուղեղին միջեւ կապին տարօրինակ ճշմարտութիւնը այն է, թէ անոնք յաճախ իրարու հետ կը յարաբերին շատ աննախատեսելի եւ հակասական ձեւերով: Այս մէկը ամէնէն աւելի տարօրինակ ճշմարտութիւն է նոսեպոյի ազդեցութիւն կոչուած առեղծուածին պարագային:

Մեզմէ շատեր ծանօթ են փլասեպոյի ազդեցութեան: Բժշկագիտական ուսումնասիրութիւններու մէջ հիւանդներու կը տրուի չէզոք դեղ մը (սովորաբար` շաքարի կտոր մը), որուն հիման վրայ ուսումնասիրողներ կը բաղդատեն փորձարկուած նոր շինուած դեղերու ներգործութիւնը: Շաքարի կտոր մը իբրեւ դեղ ստացող անձերուն կ՛ըսուի, թէ իրենց կուլ տուած դեղը իրական է: Ի զարմանս ուսումնասիրողներուն, հիւանդներ երբեմն կը զգան, թէ իրենց վիճակը կը բարելաւուի, պարզապէս որովհետեւ կ՛ակնկալեն, թէ դեղ մը առնելով աւելի լաւ պիտի զգան:

Հակառակ ուղղութիւն մը եւ երեւոյթ մը, որ յաճախ կ՛անտեսուի ուսումնասիրական ծրագիրներու մէջ, նոսեպոյի ազդեցութիւնն է: Այսինքն` այն առեղծուածը, որուն համաձայն, նոյնիսկ քիմիական որոշ նիւթերու մասին ակնարկութիւն մը բաւարար է, որ հիւանդ մը տառապի անոր ժխտական անդրադարձներէն: Ոմանց պարագային բաւարար է լսել դեղի մը կամ բժշկագիտական գործընթացի մը կողմնակի ազդեցութիւններուն մասին, որպէսզի անոնք զգան նման ազդեցութիւններու առնչուած ախտանշաններ: Փլասեպոյի ազդեցութեան պէս տակաւին անվերծանելի կը մնայ նոսեպոյի ազդեցութիւնը: Կ՛ենթադրուի, թէ անիկա արդիւնք է փաւլովեան վարժութեամբ ստեղծուած հակազդեցութեան եւ ակնկալութիւններու մէկտեղումի մը:

Երկու շաբաթ առաջ Միւնիխի Արհեստագիտական համալսարանէն ուսումնասիրողներ հրատարակեցին ցարդ ամէնէն մանրամասն տեղեկագիրը նոսեպոյի ազդեցութեան վերաբերեալ: Այս առեղծուածին առնչուած փորձառական 31 ուսումնասիրութիւններ վերլուծելով` ուսումնասիրողները քննած են կենսաբանական այն գործընթացներն ու հարցերը, զորս կը պատճառէ նոսեպոյի ազդեցութիւնը բժշկագիտական մարզին մէջ: Անոնց եզրակացութիւնը հետեւեալն է. թէեւ խանգարիչ է նոսեպոյի ազդեցութիւնը, սակայն զարմանալիօրէն շատ սովորական է եւ պէտք է նկատի առնուի բժշկագիտական առօրեայ կիրարկումներուն մէջ:

Փորձառական ուսումնասիրութիւններուն վերլուծումը ի յայտ բերած է, թէ ինքնին ցաւի ակնկալութիւնը պատճառ կը դառնայ հիւանդներուն քով ժխտական անդրադարձներու յաւելումին: Օրինակ, կռնակի տեւական ցաւէ տառապող 50 հիւանդներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին անոնց վրայ կատարուած է ճկունութեան քննութիւն մը: 25 հիւանդներու նախապէս ըսուած է, թէ քննութիւնը կրնայ որոշ ցաւ պատճառել, իսկ մնացեալին ոչինչ ըսուած է: Առաջին խումբը շատ աւելի դժգոհութիւն յայտնած է սուր ցաւերէ, թէեւ ենթարկուած է քննութեան նոյն գործընթացին:

Նոսեպոյի ազդեցութիւնը նոյնիսկ մահացու կրնայ ըլլալ: Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին անձ մը փորձած է անձնասպան ըլլալ` կուլ տալով 26 դեղահատ: Թէեւ անոր կուլ տուած դեղերը պարզապէս կեղծ էին, այսինքն` շաքարի կտորներ, եւ ոչ մէկ ձեւով իրենց ազդեցութիւնը կրնային գործել անձին կենսաբանական դրութեան վրայ, սակայն ան շաքարի կտորները կուլ տալէ ետք սկսած է տառապիլ արեան վտանգաւոր աստիճանի ցած ճնշումէ եւ հարկ եղած է հեղուկներ ներարկել անոր արեան մէջ` կայունացնելու համար վիճակը: Եւ այս բոլորը, պարզապէս որովհետեւ ան հաւատացած էր, թէ մեծ քանակութեամբ դեղեր կուլ տալը մահ պիտի պատճառէր: Իսկ երբ հիւանդը տեղեկացած էր, թէ իր կուլ տուած դեղերը պարզապէս շաքարի կտորներ էին, անոր ախտանշանները անմիջապէս անհետացած էին:

Ուսումնասիրողները խորհուրդ կու տան բժիշկներու, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց աւանդական կարծիքները ցաւի առնչութեամբ եւ խուսափին ցաւ պատճառող կողմնակի ազդեցութիւնները շեշտելու մօտեցումէն: Օրինակ, սովորութիւն է հիւանդին ըսել. «Այս մէկը քիչ մը պիտի ցաւցնէ»: Բժիշկներ կը կարծեն, թէ այս ձեւով  նուազագոյնի կ՛իջեցնեն հիւանդին վախը, որովհետեւ ան կը գիտէ, թէ ինչ կը սպասէ իրեն: Սակայն ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ճառագայթային նիւթեր ներարկելէ առաջ բժիշկի մը գործած բառերը, ինչպէս` ասիկա պիտի «խայթէ», «այրէ», «ցաւցնէ» կամ` ինքնին «գէշ» եւ «ցաւ» բառերուն գործածութիւնը, աւելի կ՛անհանգստացնէ հիւանդը:

Անշուշտ այս ձեւի կացութիւն մը բժիշկը կը դնէ բարոյական երկընտրանքի մը դիմաց. հիւանդին անհանգստութիւնը նուազագոյնի իջեցնելը կը հակադրուի ճիշդը տեղեկացնելու պարտաւորութեան: Այս լարուածութիւնը յաղթահարելու իբրեւ լուծում` կ՛առաջարկուի շեշտել դրական բաները (օրինակ` զգուշացնել տարբեր բառերով, ինչպէս` «հիւանդներուն մեծ մասը դիւրին կը կրէ ասիկա»): Կարգ մը պարագաներու կարելի է հիւանդէն արտօնութիւն խնդրել` զինք մութի մէջ պահելու եւ տեղեակ չպահելու թեթեւ տեսակի կողմնակի ազդեցութիւններու մասին:

Յայտնապէս հիւանդին վախերն ու անձկութիւնները դիմակալելը նոյնքան դժուար է, որքան` իրական հիւանդութիւններու դէմ պայքարիլը: Նոսեպոյի մասին լսելէ ետք մեր զարմանալի եզրակացութիւնը հետեւեալն է. ինչ որ անծանօթ է մեզի, չի կրնար ցաւ պատճառել մեզի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES