Ջղաբանական Ազդեցութիւններ. Ինչպէ՞ս Կը Շահագործուի Համացանցի Մոլութեան Ջղագիտութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ, ԿԸ ԽԹԱՆԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ՀԱՃՈՅՔԻ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒՆ ՋԻՂԵՐԸ ԵՒ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՃՈՅՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԻ ՄԸ: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵՆ ՄԵՐ ԱՅՍ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ` ԻՐԵՆՑ ՀԱՇՈՒՈՅՆ: ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ ՊԻԼ ՏԷՅՎԻՏԱՈՒ «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ ՄԱՆԹԼԻ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՒ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԻՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ:

Համացանցը ղեկավարող ընկերութիւններ կը դիմագրաւեն հետաքրքրական, թէեւ բարոյապէս վիճելի հրամայական մը. «առեւանգել» ջղագիտութիւնը` շուկաներու մէջ իրենց գոյութիւնը ամրապնդելու եւ մեծ շահեր ապահովելու համար կամ` թոյլ տալ, որ իրենց մրցակիցները աշխատին այս ձեւով եւ իրենք խոյս տան համացանցի շուկայէն:

Ճարտարարուեստական դարաշրջանին Թոմաս Էտիսըն ըսած է հռչակաւոր խօսք մը. «Ի յայտ կը բերեմ աշխարհի կարիքները, ապա կը փորձեմ յայտնագործութիւններ կատարել»: Համացանցի դարաշրջանին հետզհետէ  աւելի մեծ թիւով ընկերութիւններ կը հետեւին հետեւեալ կարգախօսին. «Ստեղծէ՛ մարմաջ մը, ապա սկսէ շահագործել զայն»: Համակարգչային խաղեր շուկայ իջեցնող ընկերութիւններ բացայայտօրէն կը խօսին «ընդոստ մղումի օղակ մը» ստեղծելու մասին. այսինքն մէկը կը խաղայ խաղ մը, կը հասնի իր նպատակին, կը վարձատրուի նոյն խաղին մէկ նոր բովանդակութեամբ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ ան շարունակէ մտնել նոյն օղակին մէջ:

Սակայն ասիկա այնքան ալ պարզ չէ: Շնորհիւ ջղագիտութեան` սկսած ենք հասկնալ, թէ նպատակի մը հասնիլը կամ խաղ մը ամբողջացնելէ ետք նոր բովանդակութեամբ խաղ մը իբրեւ վարձատրութիւն ստանալը կրնայ գրգռել միջին ուղեղին ջղային բջիջները (տոփամին), որոնք կ՛արտադրուին ուղեղին հաճոյքի կեդրոններուն մէջ: Ասիկա իր կարգին պատճառ կը դառնայ, որ փորձառութիւն մը հաճելի թուի: Հետեւաբար ոմանք կրնան համակուիլ հաճոյք զգալու այս փորձառութիւնները հետապնդելու մարմաջով, ինչպէս` անընդհատ համակարգչային խաղ մը խաղալ, տեւաբար ստուգել ե-նամակները կամ ընդոստ մղումով բախտախաղ խաղալ համացանցի վրայ: Վերջերս «Նիւզուիք» թերթին գլխաւոր մէկ յօդուածը կը նկարագրէր այս «ընդոստ մղումի օղակին» մէջ թակարդուելու վնասակար անդրադարձները:

Ուղեղին հաճոյքի կեդրոններուն մէջ արտադրուած բջիջները հիմը կը կազմեն նիքոթինի, քոքայինի եւ բախտախաղի մոլութիւններուն: Նիքոթին ներշնչելը կը խթանէ փոքր քանակութեամբ նման բջիջներու արտադրութիւնը, եւ ծխող մը շուտով կը դառնայ անոր մոլին: Քոքայինն ու հերոյինը կը խթանեն աւելի մեծ քանակութեամբ նման բջիջներու արտադրութիւնը եւ շատ աւելի աւեր կը գործեն:

Թաքուն Պահանջներ

Անցեալին ընկերութիւններ կ՛օգտագործէին յաճախորդներու վրայ կատարուած վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ, կը կատարէին հարցազրոյցներ եւ հոգեբանական քննութիւններ` գիտնալու համար, թէ ո՛ր արտադրութիւնները ամէնէն աւելի հաճելի կը թուէին յաճախորդներուն: 1957-ին Վանս Փաքարտ հրատարակեց «Տը հիտըն փըրսուէյտըրզ» (թաքուն համոզողները) վերնագիրով գիրք մը, որուն մէջ կը բնորոշէր յաճախորդներու թաքուն 8 պահանջները, որոնց շարքին` սիրելու եւ սիրուելու կամ ուժի տիրանալու կարիքը: Ծանուցողներ կ՛օգտագործէին մարդկային այս կարիքները` իրենց արտադրութիւններուն պահանջը ստեղծելու համար:

Փաքարտ, որ հարցականի տակ առած էր արտադրութիւններ վաճառելու նպատակով զգացումները շահագործելու բարոյականութիւնը, մեռաւ 1996-ին: Եթէ ան կենդանի ըլլար այսօր, վստահաբար պիտի ցնցուէր` տեսնելով, որ իր նկարագրած միջոցները որքա՛ն նախնական կը թուին այսօր:

Այսօր կրնանք ուղեղին հակազդեցութիւններուն հետեւիլ` հիւլէական մագնիսական թրթռացումներու (Էն. Էմ. Ար.)արհեստագիտութեամբ առնուած նկարներով, որոնք շատ աւելի ճշգրիտ ձեւով կը չափեն մարդոց ապրած փորձառութիւնը` համացանցի վրայ համակարգչային խաղ մը խաղալու պահուն, արհեստագիտական գործիքներով յարաբերելու ժամանակ կամ` բախտախաղի ընթացքին: Քէյմպրիճի համալսարանէն ջղագէտ Լիւք Քլարք օգտագործած է ուղեղին գործունէութիւնը ցոյց տուող նկարներ` որոշելու համար, թէ բախտախաղ խաղցող մը ե՞րբ կը զգայ, թէ կրնայ հակակշռել խաղի մը արդիւնքը. օրինակ` խաղի քար մը աւելի զօրաւոր նետելով կամ դրամով լեցուն բախտախաղի մեքենայի մը լծակը աւելի ուժով վար քաշելով արդեօք կ՛աւելնա՞յ անոր խաղալու մարմաջը: Ան նաեւ ի յայտ բերած է, թէ նման մեքենաներու վրայ երեք խաղէն երկուքը կորսնցնելը կը խթանէ խաղը շարունակելու հաճոյքը: Այլ փորձարկութիւններ ցոյց տուած են, թէ դրամ պարունակող մեքենայի մը պարունակութիւնը մօտաւոր թիւերով շահելու հաւանականութեան յաճախականութիւնը 30 առ հարիւր համեմատութեամբ կրնայ երկարաձգել բախտախաղի ժամանակը: Ջղագէտներ նաեւ ի յայտ բերած են, թէ մեծ պարգեւներ շահելու աննախատեսելի իրողութիւնն է, որ կը խթանէ ուղեղին հաճոյք պատճառող կեդրոնները, եւ հոն արտադրուած բջիջները կը մղեն, որ մարդիկ վերադառնան խաղին:

Համակարգիչի խաղերու եւ համացանցը օգտագործելու ընդոստ-ջղաձիգ վարուելակերպին նկատմամբ մտահոգութիւնը սկսած է աւելնալ 1990-ական տարիներուն: Մինչեւ 2000 համացանցի աշխարհին մէջ ընդոստ վարուելակերպը կը նկատուէր կողմնակի անդրադարձ մը եւ ոչ թէ` խաղերու ձեւագծումին, ինչպէս նաեւ` համացանցի կիրարկումներուն մէջ դիտումնաւոր կերպով ներառուած տարր մը: Նման կիրարկումներ կը միտէին յաճախորդներուն տրամադրել այնպիսի սպասարկութիւններ, որոնք աւելի գրաւիչ կը դարձնէին համացանցի առնչուած արտադրութիւնները:

Պատուարներու Բացակայութիւն

Անցեալին մարդկային ընկերութիւնը յաջողած է ֆիզիքական արգելքներ դնել վատառողջ մարմաջներու դէմ: Իրերը փոխուած են այսօր: Ծնողներ սկսած են մտահոգուիլ, որովհետեւ իրենց զաւակները ժամեր շարունակ վիտէոյի խաղեր կը խաղան: Այժմ համոզուած ենք, թէ համակարգչային առաւելութիւններով օժտուած մեր բջիջային հեռաձայններուն վրայ անընդհատ մեր ե-նամակները, սակարանային գիները եւ մարզախաղերու արդիւնքները ստուգելը կարգ մը պարագաներու արդիւնք է ուղեղին մէջ հաճոյքի պատասխանատու բջիջներուն արտադրութեան, որ տեղի կ՛ունենայ, երբ կը լսենք լաւ լուրեր:  Իրօք, այնքա՛ն գերին դարձած ենք մեր հեռաձայններուն, որ այժմ սկսած ենք երեւակայել, թէ մեր հեռաձայնը կը թրթռայ կամ կը հնչէ, նոյնիսկ երբ լուռ է:

Երբ համացանցի արհեստագիտութիւնը սկսաւ զարգանալ, յաջողութեան բանալին մարմաջներ ստեղծելն էր: Համացանցի վրայ խաղեր պատրաստող ընկերութիւններ այժմ բացայայտօրէն կը քննեն «ընդոստ մղումի օղակներ» ստեղծելու կարելիութիւնները, որոնք անմիջապէս կը վերածուին մարմաջի: Անոնց նպատակը նոյնն է. ստեղծել մղումը` հազարաւոր բարեկամներ հաւաքելու Ֆէյսպուքի վրայ, հազարաւոր հետեւորդներ` Թուիթըրի, կամ հաճոյք զգալ` Ֆորսքուերի ճամբով ի յայտ բերելով, թէ բարեկամ մը, զոր չէինք տեսած տարիներէ ի վեր, այժմ կը գտնուի մօտակայ վայր մը:

Անցեալին մարդկային ընկերութիւնը ֆիզիքական պատուարներ դրած էր վատառողջ մարմաջներու գոհացումը դժուարացնելու համար: Օրինակ, սկիզբը Նեւատայի մէջ բախտախաղի կերդոնները կը գտուէին հաւաքական բնակավայրերէ անջատ շրջաններու մէջ: Այժմ իրերը փոխուած են: Մարդոց եւ խնդրոյ առարկայ մոլութիւններու միջեւ ֆիզիքական պատուարներ չկան: Համացանցի կապուած մեր հեռաձայններն ու ելեկտրոնային սարքերը մեր գրպաններուն մէջ կը ճամբորդեն մեզի հետ:

Ինչպէ՛ս Չխրիլ Իրականանման
Աշխարհներու
Մէջ

Երբ ընդոստ մղումով վարուելակերպը կը խորտակէ բնական աշխատելու եւ ապրելու մեր կարողութիւնը, կը ստեղծէ համակուած եւ ընդոստ վարուելու խանգարումը (օպսեսիվ- քոմփալսիվ տիսորտըր): Կարգ մը ուսումնասիրութիւներու համաձայն, բախտախաղ խաղցողներուն 2-4 առ հարիւրը  մոլի է եւ համացանց գործածողներուն շուրջ 10 առ հարիւրը (թերեւս առաւել կամ նուազ, որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս ճիշդ պատասխաններ չեն տար մոլութեան վերաբերող հարցումներու) այնքա՛ն համակուած է համացանցի գործածութեամբ, որ անիկա սկսած է խորտակել իրենց ընկերային յարաբերութիւնները, ընտանեկան կեանքն ու ամուսնութիւնը, ինչպէս նաեւ` արդիւնաւէտ աշխատանքը: Մինչ համացանցի կապուած արհեստագիտական գործիքները կը կատարելագործուին, եւ մինչ արհեստագիտական գործիքներ արտադրող ընկերութիւններ կը սորվին օգտագործել ջղագիտութիւնը` իրականանման (վըրչուըլ) միջավայրերը աւելի գրաւիչ դարձնելու համար, այս համեմատութիւնը անկասկած որ պիտի աւելնայ:

Համացանցի բազմաթիւ ընկերութիւններ սկսած են սորվիլ այն, ինչ որ ծխախոտ արտադրող ընկերութիւնները շատոնց գիտէին, թէ` մոլութիւնը շահաբեր է առեւտուրի համար: Կասկած չկայ, որ ջղագիտական միջոցներու կիրարկումը շատ աւելի սուր մարմաջներ պիտի ստեղծէ իրականանման փորձառութիւններու աշխարհին մէջ:

Անշուշտ պարզ չէ այս հարցին լուծումը: Նախ պէտք է ընդունիլ, որ մեր իրականանման միջավայրին անդրադարձները շատ իրական են: Ես իմ կարգիս կը փորձեմ պատեր հիւսել  իրականանման միջավայրիս շուրջ: Տան մէջ գիրք եւ թերթ կը կարդամ իմ այՓետիս վրայ, սակայն ե-նամակներուս կը պատասխանեմ միայն գրասենեակիս մէջ: Երբ կը խօսիմ կնոջս հետ, երբ զաւակներս ինծի կը պատմեն իրենց զաւակները մեծցնելու դժուարութիւններուն մասին, երբ կը խաղամ եւ կը խնդամ թոռներուս հետ, ոչ միայն կ՛անջատեմ այֆոնս, այլ նաեւ զայն կը դարձնեմ անհասանելի:

Սկսած եմ սորվիլ, թէ հետզհետէ իրականանման դարձող աշխարհի մը մէջ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունենալու եւ ուրախ ապրելու համար պէտք է որոշ ժամանակ մը յատկացնեմ ապրելու  այդ աշխարհէն դուրս:

 

Share this Article
CATEGORIES